Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան․ «Կը Սպասենք Այն Օրուան, Երբ Հայաստանի Ղեկավարութիւնը Ողջամտութիւն կը Ցուցաբերէ»

Էրտողան․ «Կը Սպասենք Այն Օրուան, Երբ Հայաստանի Ղեկավարութիւնը Ողջամտութիւն կը Ցուցաբերէ»

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Լոնտոն գտնուող Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը, Chatham House միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հաստատութեան մէջ ելոյթի ժամանակ խօսելով Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններու եւ միջազգային օրակարգին առընչուող շարք մը հարցերու մասին, անդրադարձած է նաեւ հարեւան երկրի՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն:

«Թուրքիան կը սատարէ Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ մէջ մնայուն խաղաղութեան, զարգացմանն ու բարօրութեան ուղղուած բոլոր ջանքերը: Այս դրական պատկերէն դուրս մնացած միակ երկիրը Հայաստանն է: Մենք կը սպասենք այն օրուան, երբ Հայաստանի ղեկավարութիւնը խելամիտ մօտեցում եւ ողջամտութիւն կը ցուցաբերէ», – Anadolu գործակալութեան փոխանցմամբ` յայտարարած է Էրտողանը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը, խօսելով երկկողմ հայ-թուրքական յարաբերութիւններու ապագայի մասին, յայտարարած էր, թէ Թուրքիան պատրաստ է ընդառաջ երթալու, եթէ Հայաստանը հրաժարի տարիներ շարունակ Թուրքիոյ նկատմամբ իր թշնամական վերաբերմունքէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment