Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի հայազգի պատգամաւորները շնորհաւորանքներ յղած են Հայաստանի համաժողովրդական շարժման յաղթանակի առիթով:
«Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Թուիթըրի մէջ հետեւեալ գրառումը ըրած է. – «Հայաստանի ժողովուրդը յաղթեց ժողովրդավարութեան պայքարը: Կը շնորհաւորեմ: Հերթը մերն է»:
Ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութիւնը ներկայացնող հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողանն ալ իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է. – «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը գրուին ժողովրդավարութեան համաշխարհային պատմութեան էջերու վրայ: Փոփոխութիւններու եւ ժողովրդավարութեան պահանջին ոչ մէկ ուժ չի կրնար դիմակայել: Կը շնորհաւորեմ այս պահանջի համար պայքարի առաջնորդներու եւ ժողովուրդի յաղթանակը»։
Տողանը օգտագործած է «Կեցցէ՛ Հայաստան» հաշթեկը: