«Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին նախորդող օրերուն ռուս բարձրաստիճան պաշտօնեաները հեռախօսային բանակցութիւններ վարած են թէ՛ բողոքի գործողութիւններու ղեկավարներու եւ թէ՛ Հայաստանի իշխող վերնախաւի ներկայացուցիչներու հետ», – պնդած է «Reuters» գործակալութիւնը` քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակները ներկայացնող առնուազն երեք աղբիւրներ վկայակոչելով:
«Reuters»-ի թղթակից Մարգարիտա Անթիձեն, որ, հայաստանեան իրադարձութիւններու ընթացքին Երեւան կը գտնուէր, փորձած է մանրամասներ պարզել Հայաստանի իշխանական շրջանակներու մէջ 22 եւ 23 Ապրիլին ծաւալած քննարկումներու եւ այդ օրերու յուզիչ իրադարձութիւններու վրայ Ռուսիոյ ունեցած ազդեցութեան մասին:
«Reuters»-ի թղթակիցի բնորոշմամբ, ի տարբերութիւն 2014 թուականի ուքրանական իրադարձութիւններու, Հայաստանի մէջ Մոսկուան գերադասեց աւելի զուսպ մօտեցում ցուցաբարել` «չպաշտպանելով իշխանութիւնները` բողոքի ցոյցերուն մասնակիցներու դէմ ուժ կիրառելու իրաւունքը»:
Բողոքի ցոյցերու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ դեսպանատան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնեաներէն մէկուն հետ: «Reuters»-ի պնդմամբ, այս փաստը հաստատած է բողոքի գործողութիւններու առաջնորդներէն մէկը` Արմէն Գրիգորեանը: «Reuters»-ի թղթակցին նոյնատիպ տեղեկութիւն հաղորդած է նաեւ Փաշինեանի մերձաւոր շրջապատը ներկայացնող մի գործարար, սակայն, չէ ցանկացած, որ իր անունը հրապարակուի:
Այդ նոյն օրերուն, ըստ «Reuters»-ի, հայաստանեան իշխանութիւնները եւս պաշտօնական Մոսկուայի հետ որոշակի շփումներու մէջ եղած են․ – «Դիւանագիտական աղբիւր մը, որ չէ հրապարակած իր անունը, պնդած է, որ Սերժ Սարգսեան իր հրաժարականին նախորդած 24 ժամերու ընթացքին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է մոսկուայէն պաշտօնեաներու հետ»: Անոնց բովանդակութիւնը, սակայն, գործակալութեան զրուցակիցը չէ բացայայտած:
«Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը մեր հարցումին՝ արդեօք Երեւանի մէջ գտնուող անձանց հետ ճգնաժամի ընթացքին շփումներ եղա՞ծ են, թէ՝ ոչ, չէ արձագանգած», – նշած է «Reuters»-ի յօդուածագիրը` աւելցնելով․ – «Ռուսիոյ ազդեցութիւնը հայկական յեղափոխութեան ընթացքին արձանագրուած միակ գործօնը չէր: Սերժ Սարգսեանի թոյլ տուած սխալները եւ բողոքի գործողութիւններու ներուժն էին, որ որոշիչ նշանակութիւն ունեցան»:
«Reuters-ը որեւէ ապացոյց չէ յայտնաբերած, որ կը վկայէր հայաստանեան իրադարձութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութեան մասին: Իրականին մէջ, Մոսկուայի չմիջամտելու այդ որոշումը բաւարար էր, որպէսզի ուժերու յարաբերակցութիւնը թեքուի յօգուտ ցուցարարներու», – ըսուած է «Reuters»-ի հրապարակման մէջ:
Գործակալութեան թղթակիցը նաեւ յաջողած է որոշ մանրամասներ պարզել 22 ապրիլին կայացած Սերժ Սարգսեան-Նիկոլ Փաշինեան հանդիպման եւ յաջորդ օրը տեղի ունեցած զարգացումներու մասին:
«Այդ 24 ժամերու ընթացքին Սերժ Սարգսեանը աշխոյժ քննարկումներ ունեցած է իր խմբակի ու պաշտօնեաներու հետ: Անոնք քննարկած են երկրի արտակարգ դրութիւն հաստատելու հնարաւորութիւնը, որ ուժային կառոյցներուն ցուցարարներու դէմ պայքարի աւելի լայն լիազօրութիւններ կ’ընձեռէր», – նշած է «Reuters»-ի յօդուածագիրը` մէջբերելով Ազգային ժողովի փոխ խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովի խօսքերը․ – «Մենք երկու տարբերակ ունէինք` կամ խորհրդարանը արտակարգ դրութիւն պիտի յայտարարէր, կամ ալ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական պիտի տար: Արտակարգ դրութեան հաստատումը, սակայն, ոչ թէ խնդիրի լուծում կ’ըլլար, այլ՝ յետաձգում»: