«Մենք բոլորի նման ոգեշնչուած ենք Հայաստանի մէջ վերջին օրերու խաղաղ զարգացումերով եւ խաղաղ հանգուցալուծումով», – 9 Մայիսին «Յաղթանակ» զբօսայգիի մէջ ըսած է Հայաստանի Ամերիկայի դեսպան Ռիշարտ Միլսը։
«Մենք կը շնորհաւորենք պարոն Փաշինեանը Ազգային ժողովի կողմէն Հայաստանի Սահմանադրութեան համաձայն վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ։ Մենք պատրաստ ենք աշխատելու անոր կառավարութեան հետ՝ ձեւաւորումէն ետք եւ շարունակելու մեր գործընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ», – ըսած է դեսպանը՝ շարունակելով. – «Այժմ կամուրջներ կառուցելու ժամանակն է, պէտք է թուլացուի լարուածութիւնը եւ կառուցուի այն նոր Հայաստանը, որ կը պահանջէ եւ որու համար ցոյցի ելած էին այդքան մեծ թիւով մարդիկ։ Առաջիկայ օրերու, ամիսներու ընթացքին մենք կ’աշխատինք նոր կառավարութեան հետ՝ տեսնելու, թէ ինչով Միացեալ Նահանգները կրնայ օգտակար ըլլալ Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ աւելի ազատ տնտեսութեան ձեւաւորման հարցերու մէջ։ Շնորհաւորանքներս Հայաստանի ժողովուրդին»։
8 Մայիսին Հայաստանի խորհրդարանը ժողովրդական շարժման առաջնորդ, ԱԺ ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը ընտրեց, իսկ նախագահ Արմէն Սարգսեանը իր հրամանագիրով նշանակեց վարչապետ: