Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժողովրդային Յեղափոխութիւնը Յաղթանակեց Նիկոլ Փաշինեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Վարչապետ

Ժողովրդային Յեղափոխութիւնը Յաղթանակեց Նիկոլ Փաշինեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Վարչապետ

by MassisPost

Մօտ երեք շաբաթ առաջ Հայաստանի մէջ ծայր առած ժողովրդային յեղափոխութիւնը` առաջնորդութեամբ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանին հասաւ յաղթանակի:  Խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն ունեցող Հանրապետական կուսակցութիւնը տեղի տալով ժողովրդային ընդվզումի ալիքին առջեւ   ապահովեց Փաշինեանի ընտրութիւնը վարչապետի պաշտօնին`   59 կողմ  եւ 42 դէմ քուէներով:

Նախքան ընտրութիւնը, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունենալով ընդհանուր  գիծերու մէջ ներկայացուց իր հետապնդելիք ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը:

«ՀՀ քաղաքացին եւ հայ ժողովուրդն այնքան ոգեւորուած է, որքան Շուշիի ազատագրման օրերին, ՀՀ քաղաքացին եւ հայ ժողովուրդն առաւել քան վստահութիւն ունի դէպի ՀՀ ապագան, քան երբեւէ: ՀՀ-ում իրականացուած ոչ բռնի ու թաւշեայ յեղափոխութիւնը զարմացրել ու հիացրել է ամբողջ աշխարհին, Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի վարկանիշն այսօր աւելի բարձր է, քան երբեւէ: Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութիւնը աւելի ծանրակշիռ է, քան երբեւէ, ինչը մենք պէտք է ծառայեցնենք ՀՀ շահերին», ըսաւ Փաշինեան:

Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովի  ամպիոնէն ողջունեց  Արցախի բնակչութեան` յայտարարելով, որ Հայաստանի  մէջ ոչ բռնի ու թաւշեայ, սիրոյ յեղափոխութիւնը պիտի ամրապնդէ Արցախ անվտանգութիւնը:

«Համոզուած եղէք` սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւնը ոչ միայն վտանգ չի պարունակում, այլեւ նոր հնարաւորութիւններ է բացում Արցախի ժողովրդի համար»:

victory 1

Ամբողջ օրուայ ընթացքին բազմահազար ժողովուրդ հաւաքուած էր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ եւ հսկայ պաստառներու վրայ կը հետեւէին Ազգային Ժողովի նիստին:

Քուէարկութեան արդիւնքները  տակաւին  չհրապարակուած, հրապարակի վրայ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ ու տասնեակ շամփանեաներ կը  բացուէին:

Համաժողովրդական շարժման առաջնորդի վարչապետ ընտրուիլը հրապարակի վրայ ընդունուեցաւ մեծ ցնծութեամբ:

Աւելի ուշ հրապարակ ժամանեց  նորընտիր վարչապետը: Ան ժողովուրդի ըսաւ. «Այսօր դուք յաղթեցիք: Եւ այլեւս երբեք որեւէ մէկը չի համարձակուի որեւէ ոտնձգութեան ընդդէմ ձեր այդ յաղթանակի: Յաղթանակը այն չէ, որ ես ընտրուել եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Յաղթանակը այն է, որ դուք էք որոշել, թէ ով է լինի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ»:

«Սրանից յետոյ ժողովուրդը պէտք է հոգ  տանի, որ բոլոր- բոլոր պաշտօնեաները` վարչապետով, նախագահով, բոլորով, ազնիւ եւ անմնացորդ ծառայեն ժողովրդին: Հակառակ դէպքում ժողովուրդը պէտք է անի իր քայլը, այնպէս, ինչպէս արեց 2018 թուականի  Ապրիլին: Եւ ուրեմն, ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, յայտարարում եմ, որ ծառայում եմ հայ ժողովրդին, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներին, Արցախի Հանրապետութեանը, Հայաստանի Հանրապետութեանը: Եւ ուրեմն, կեցցէ’ ազատութիւնը, կեցցէ’ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե’նք մենք եւ մեր երեխաները, որ արդէն իսկ ապրում են ազատ եւ երջանիկ Հայաստանում»:

sarkissian-pashinyan

Ապա,  Փաշինեան այցելեց  նախագահ Արմէն Սարգսեանի նստավայրը, ուր  նախագահը ստորագրեց Նիկոլ Փաշինեանի  վարչապետ ընտրելու վերաբերեալ Ազգային Ժողովի որոշումը ու զայն յանձնեց վարչապետին:

Այս առթիւ նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսաւ-. «Ուզում եմ մաղթել, որպէսզի որքան հնարաւոր է շուտ ձեւաւորէք կառավարութիւնը եւ լծուէք այն բոլոր խնդիրների լուծմանը, որ մեր  պետութեան, կառավարութեան, ողջ ժողովրդի եւ այս երկրի. Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ են»:

Արմէն Սարգսեան յորդորեց  կարելի եղածին չափ շուտ կազմել նոր կառավարութիւն:

Վարչապետ Փաշինեան անմիջապէս գործի անցնելով հանդիպումներ ունեցաւ  Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանի եւ տնտեսական ոլորտներու  նախարարի պաշտօնակատարներուն հետ ծանօթանալու համար երկրէն ներս տիրող ապահովութեան եւ տնտեսական իրավիճակին:

Հեռախօսային Զրոյց Փութինի Հետ
Աւելի ուշ հաղորդագրութիւն տարածուեցաւ, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան   հեռախօսազրոյց  ունեցած է Ռուսաստանի  նախագահ  Վլադիմիր Փութինի հետ: ՌԴ նախագահը շնորհաւորած է   Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ եւ մաղթած է յաջողութիւններ այդ պատասխանատու պաշտօնին վրայ:

«Զրուցակիցները երկուստեք պատրաստակամութիւն  են յայտնել շարունակելու համատեղ աշխատանքը հայ-ռուսաստանեան ռազմավարական, դաշնակցային յարաբերութիւնների հետագայ զարգացման եւ ինտեգրացիոն գործընթացների խորացման ուղղութեամբ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment