Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անտրէաս Ղուկասեանը Կալանքէն Ազատ Արձակուեց

Անտրէաս Ղուկասեանը Կալանքէն Ազատ Արձակուեց

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Էրեբունիի նստավայրի մէջ աւարտեցաւ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ մեղադրուող «Նոր Հայաստան» շարժման ներկայացուցիչ Անտրէաս Ղուկասեանի դատավարութիւնը։

Դատարանը բաւարարեց խափանման միջոցը փոխելու միջնորդութեան։ Դատարանի որոշմամբ՝ Անդրէաս Ղուկասեանը ազատ արձակուեցաւ։

Որպէս խափանման միջոց ընտրուեցաւ բնակավայրէն չհեռանալու մասին ստորագրութիւն։

Հարցին՝ ազատ արձակուելէ ետք իր առաջին քայլը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ան ըսած է, որ պէտք է այցելէ հօր գերեզմանը։

«Ինձ կալանաւորեցին մի Հայաստանում, ազատեցին մի այլ Հայաստանում։ Մենք ամէն ինչ անում էինք, որ այդ օրը օր առաջ գայ, եւ այդ օրը եղաւ»,- յայտնած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment