Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ողջախոհ Ազգասիրութիւն

Ողջախոհ Ազգասիրութիւն

by MassisPost

harutՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

«Ի՞նչպէս դարմանել ժողովուրդի վստահութիւնը չվայելող եւ ոստիկանական համակարգի տակ հեծեծող երկրի մը ցաւերը:»  Պարզ եւ հեշտ պատասխանը պիտի ըլլայ. «երբ երկրէն ներս կը ստեղծուի արդար համակարգ, ուր ամէն ոք ենթակայ կ’ըլլայ օրէնքի գերակայութեան»:  Իսկ ի՞նչպէս կրնանք հասնիլ անոր: Կա՛մ  այդ պիտի գայ նոյն այդ աւագանիի այն հատուածէն, որ պիտի գիտակցի, որ իր ապագան աւելի ապահով կը դառնայ արդար համակարգի մը տակ ու հետեւաբար պէտք է նպաստէ անոր ստեղծման եւ կամ ժողովրդային պոռթկումով, որ կրնայ վտանգել աւագանիի կեանքերն ու շահերը:» 

Վերեւի մէջբերումը 6 ամիսներ առաջ գրուած մեր «Փոխադարձ Վստահութիւն, Միասնականութիւն, Պատասխանատուութիւն եւ Օրէնքի Գերակայութիւն» յօդուածէն է: Այդ ժամանակ չէինք կանխատեսէր, որ մեր առաջարկած դարմանի նախաշեմին  այսքան արագ պիտի հասնէինք: Նոյնիսկ ամիս մը առաջ կարելի չէր կանխատեսել: Կ’արժէ այստեղ նշել, որ 9 Սեպտեմբեր 2015-ին սեղմ շրջանակի մէջ, առաջին անգամ հանդիպեցանք Նիկոլ Փաշինեանին Լոս Անճելըսի մէջ: Մինչ այդ, ծանօթ էինք իրեն իր յօդուածներուն ընդմէջէն, սկսած 90-ականներէն երբ չէինք բաժներ իր շատ մը ամբոխավարական մտքերը (չգիտնալով, որ 20 տարեկան իսկ չէր) եւ գոհունակութեամբ հետեւած էինք իր «հասունացման» գործընթացին:  Ան եկած էր այստեղ, պարզելու իր «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կազմակերպութեան ծրագիրը: Համաձայն գտնուելով հանդերձ իր արծարծած գաղափարներուն, թերահաւատ էինք, որ ինչպէ՞ս պիտի կարողանայ իրականացնել զանոնք: Բայց շնորհիւ իր հետեւողականութեան, արիութեան եւ ուշիմութեան, ան յաջողեցաւ, Չարենցի բնութագրումով՝ ժողովուրդի շունչը դառնալ եւ իր ձայնը լսցնել ամենուրէք: Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ ծաւալած ժողովրդային շարժումին յաջողութիւնը վստահաբար սերտողութեան նիւթ պիտի դառնայ  քաղաքական գիտութեան ուսումնասիրողներու եւ ընկերաբաններու կողմէ: Չտեսնուած երեւոյթ էր «թաւշեայ»  բնութագրուած այս յեղափոխութիւնը, որ ոչ միայն խաղաղ ու անարիւն էր, այլ նոյնիսկ՝ գեղարուեստական: Քաղաքական ցոյցերը համեմուեցան նուագով եւ երգ ու պարով, սիրողական մակարդակէ մինչեւ Երեւանի Երաժշտանոցի ուսանողներու բարձորակ կատարումները: Բայց այս բոլորին մէջ պէտք է նաեւ շեշտել այն կարեւոր դերակատարութիւնը, որ Հայաստանի աւագանիի ազդեցիկ անդամներէն՝ Գագիկ  Ծառուկեան ունեցաւ շարժումին արդիւնաւորման մէջ: Մանաւանդ, Ազգային Ժողովէն ներս իր  խմբակցութեան կատարած կարեւոր դերով: Այսպիսով, հայրենիքի շահին գիտակից աւագանիի եւ ժողովուրդի ստուար խաւի համագործակցութեամբ, յաջողեցանք հասնիլ բուն գործի՝ օրէնքի գերակայութեան ենթակայ արդար համակարգի մը ստեղծման նախաշեմին:

Յառաջիկայ շաբաթ, Մայիս 8-ին, ազգովին կոչուած ենք նոր էջ մը բանալու մեր պատմութեան մէջ եւ այս նախաշեմէն վերսկսելու այն Հայաստանի կերտման գործընթացին, որմէ գէթ երկու անգամ շեղեցանք անցնող մօտ երեք տասնամեակներու ընթացքին: Առաջինը, երբ 1988-ի ժողովրդային պոռթկումը առաջնորդած ու այդ ալիքին վրայ անկախութիւն հռչակած եւ պետական դիրքերու հասած ՀՀՇ-ական  առաջնորդներու ինքնահաստատման գործընթացը չկրցաւ ներգրաւել իր տապալած ռեժիմի փորձառու մարդիկը, յօգուտ մեր նոր պետականութեան ամրակայման: Երկրորդը, երբ այդ սխալը սրբագրելու գործին լծուած զոյգը՝ Վազգեն Սարգսեան եւ Կարեն Դեմիրճեան, պալատական յեղաշրջմամբ 27 Հոկտեմբեր 1999-ին զոհ գացին պատեհապաշտ այլ զոյգի մը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի մեղսակից դաւադրութեան: Օրին, Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան տարիները որակած էինք «Վատնուած Տասնամեակ» եւ կրնանք այդ միացնելով  Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն, վերաորակաւորել «Վատնուած Քսանամեակ»: Մենք առիթը ունէինք, ըստ կեանքին վաղաժամ հրաժեշտ տուած Սարգիս Հացպանեանի մեզի տուած մէկ հարցազրոյցին,  խուսափելու այս երկրորդ «Վատնուած Տասնամեակ»էն, եթէ 2008 թուի Փետրուարի վերջին օրերուն նախագահական թեկնածու Լեւոն Տէր Պետրոսեան համարձակութիւնը ունեցած ըլլար հրապարակ իջած ժողովուրդը առաջնորդելու դէպի նախագահական պալատ: Այս կրնայ ճիշտ ըլլալ, բայց փաստ է նաեւ, որ Տէր Պետրոսեան չունեցաւ իր ետին ծովածաւալ ժողովրդային նեցուկ (ինչպիսին էր պարագան 1991-ին) ու երբ ձերբակալուեցաւ եւ տնային կալանքի տակ դրուեցաւ, ընդվզումը այնքան համատարած չեղաւ, որքան Փաշինեանի պարագային, երբ ան ալ ձերբակալուեցաւ մօտ տասը օրեր առաջ: Այս պարագային, ժողովուրդը շատ աւելի ստուար թիւերով հրապարակ իջաւ, պահանջելով իր առաջնորդի ազատ արձակումը: Տէր Պետրոսեան-Փաշինեան այս համեմատականի կողքին, արժէ նաեւ նշել Փաշինեան-2008/09 եւ Փաշինեան-2018 համեմատականը: Երկու պարագաներուն ալ Փաշինեան կալանաւորուեցաւ: Բայց առաջինի պարագային երկու տարի ազատազրկուեցաւ, մինչ երկրորդին մէկ օրէն ազատուեցաւ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այդ տասը տարուան ընթացքին իր հրապարակային գործունէութեամբ ան շահած էր ժողովուրդի վստահութիւնն ու թիկունքը:   Ժողովրդային թիկունքի անհրաժեշտութեան մասին մեր այս նշումը, կու գայ յուշելու Եղիշէ Չարենցի խօսքը Սասնայ Մհերի մասին. «Բայց ուժը նրա, որ չէր կասում, Ժողովուրդն էր իր բազմաբազում: Եւ անպարտ էր նա իր սրով սուր եւ ժողովրդով ռամիկ ու սուրբ:»

Այս պահին ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ընելիքը: Հետեւելով Եղեռն տեսած ու վերապրած, հինգ տարեկանին որբացած հօրս աւանդին՝ ծանրութիւնը կորսնցուցածիդ, որ արդէն անցեալ կատարեալ է,  պէտք չէ մթագնէ պայծառ ապագայ մը տեսնելու եւ կերտելու  կարողութիւնդ: Ատելութեան ու ափսոսանքի քանդիչ զգացումները տեղ պէտք չէ ունենան ինքնակերտման շինիչ ձգտումներուդ մէջ: Հետեւաբար, փոխանակ կեդրոնանալու «Վատնուած Քսանամեակ»ին վրայ, պէտք է սկսիլ հոնկէ, ուրկէ մեր գործը շեղեցաւ եւ վերահունաւորել զայն: Յունուար 1999-ին, «Առաջնորդ կը Փնտռուի» խորագրով յօդուած մը հրատարակած էինք: Նոյն տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակած Վազգեն Սարգսեան-Կարեն Դեմիրճեան զոյգին մէջ գտած ըլլալ կը խորհէինք այդ առաջնորդները, բայց Հոկտեմբեր 27-ն վրայ հասաւ, մեզմէ խլելով այդ առաջնորդները եւ խախտելով մեր պետականութեան հիմքերը: Անկէ ի վեր ու մինչեւ վերջերս, փնտռտուքը տակաւին կը շարունակուէր: Այդ թուականէն ի վեր, ոեւէ անձ չէր յաջողած շահիլ ժողովուրդի մեծամասնութեան վստահութիւնը, այնպէս ինչպէս Փաշինեան յաջողեցաւ: Այսօր, շա՜տ ծանր պարտականութիւն մը կը դրուի իր ուսերուն վրայ եւ մենք ամէն գնով պէտք է  սատարենք իրեն, որ մնայ հաւատարիմ իր առաքելութեան, չի՛ խոտորի ու չի՛ եղծանուի :  Ժողովուրդին մէջ առկայ է այն ոգին, որ կար 88-ի շարժումին եւ Հոկտեմբեր 27-ի նախօրեակին: Վա՜յ եկէր է մեզի եթէ այս առիթն ալ փախցնենք: Պէտք չէ՛ փախցնենք եւ կը յուսանք, որ չենք փախցներ: Ո՞վ է մեզ յուսադրողը: Մեր նոր սերունդը: Այսօրուան շարժումին ոգին, անկախութեան տարիներուն ծնած սերունդն է, որ մեզ նման յուսախաբութիւններ չէ ապրած եւ մեր լաւագոյն գրաւականն է մեզ մեր տխուր վիճակէն դուրս հանելու, յոյս ներշնչելու եւ վերաշխուժացնելու: Ո՜վ կը հաւատար, որ այս սերունդը այս սխրանքը իրագործելու ատակ է: Իրենք հաւատացին եւ գործը յաջողութեամբ պսակեցին: Ուրեմն ողջախոհ ըլլանք եւ ամէն ջանք ընենք հարթելու իրենց ճանապարհը: Առաջին հերթին ապահովենք օրէնքի գերակայութիւնը, որ նախապայմանն է գալիք բոլոր յաջողութիւններու: Կրկնութեան գնով անգամի մը համար եւս շեշտենք անձնասիրութիւնէ դէպի ազգասիրութեան ոստումի անհրաժեշտութիւնը: Յանուն բոլորիս բարօրութեան: Յանուն ազատ ու անկախ Հայաստանի գոյառման եւ անոր մէջ արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրաւունքին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment