Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Էտմոն Մարուքեանը կը Վստահեցնէ «Ելք» Դաշինքի Մէջ Տարաձայնութիւն Չիկայ

Էտմոն Մարուքեանը կը Վստահեցնէ «Ելք» Դաշինքի Մէջ Տարաձայնութիւն Չիկայ

by MassisPost

«Ելք» դաշինքի մէջ չկայ քննարկում, թէ արդեօք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կրկին դաշինքով կ’երթան, թէ առանձին: Այս մասին, 4 մայիսին, ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանը:

Հարցին, թէ «Ելք»-ի մէջ տարաձայնութիւնները հարթուեցա՞ն, ան պատասխանած է, որ «Ելք»-ի մէջ չկայ տարաձայնութիւն. «Կային մարտավարական, սկզբունքային տարբեր հարցեր, քննարկումներ, հիմա որեւէ տարաձայնութիւն չկայ: Հիմա նոր իրողութիւն է, նոր իրավիճակ է, կայ իրականացուած թաւշեայ յեղափոխութիւն, որ իր արդիւնքներուն պէտք է հասնի, արձանագրուի վերջնականապէս եւ կանք մենք՝ բոլորս, որ աջակցում ենք այդ յեղափոխութեան կապիտալիզացիային  եւ նիւթականացմանը՝ յանուն երկրում փոփոխութիւնների»,- ըսած է ան:

Դիտարկմանը, որ փողոցային պայքարի հետ կապուած «Ելք»-ի մէջ ընդհանուր յայտարարի չեկան, այդ չի՞ նշանակեր, որ այս իրավիճակէն յետոյ հնարաւոր չըլլայ երեք կուսակցութիւններու համատեղ գործունէութիւնը. «Ես չէի շտապեր այդպիսի յայտարարութիւն ընել, քանի դեռ քննարկում չենք ունեցած: Ես կը կարծեմ՝ մենք երկար գործ ունինք ընելու, ճանապարհ ունինք անցնելու եւ դուք այդ կը տեսնէք»:

Ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմին, Մարուքեանը նշած է, որ նախ պէտք է ունենալ ընտրուած վարչապետ, յետոյ նոր քննարկել մնացած հարցերը. «Դա ձուկը ջրում խօսակցութիւն է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment