«Օդագնացութեան ոլորտի ճիւղային զարգացմանն ուղղուած միջոցառումները տուած են սպասուած արդիւնքը. շուտով Հայաստանի Հանրապետութեան երկինքը կը սպասարկեն նաեւ ուղղաթիռները»,- այս մասին յայտնած են Քաղաքացիական օդագնացութեան գլխաւոր վարչութեան մամուլի ծառայութենէն։
Աղբիւրը կը տեղեկացնէ, որ անհրաժեշտ ներդրումներու ապահովման, ՀՀ օդակայաններու մէջ ուղղաթիռներու սպասարկման համար արդիւնաւէտ պայմաններու ստեղծման նպատակով շահագրգիռ կողմերու հետ տարուած աշխատանքի որպէս արդիւնք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հիմնադրուած «Արմենիան հելիքոփթերս» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը արդէն օդանաւ շահագործողի վկայական ստանալու յայտ ներկայացուցած է ՀՀ կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդագնացութեան գլխաւոր վարչութիւն:
«Ընկերութեան գործունէութիւնը խթանելու նպատակով՝ ՀՀ կառավարութեան՝ 2018 թուականի 19 ապրիլի որոշմամբ «Արմենիան հելիքոփթերս» ՍՊԸ-ն անհրաժեշտ սարքաւորումներու ներկրման համար կ’օգտուի մաքսային արտօնութիւններէն:
Առաջիկային ՀՀ քաղաքացիներն ու ՀՀ այցելող զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն կ’ունենան ամերիկեան Robinson R66 եւ եւրոպական AIRBUS EC130T2 ուղղաթիռներով շրջագայիլ ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ՝ Հայաստանէն դուրս:
Ընկերութիւնը նախատեսած է առաջիկայ երեք տարիներու ընթացին իրականացնել շուրջ 10 միլիոն ԱՄՆ տոլարի ներդրում եւ ստեղծել նոր աշխատատեղեր:
Ծրագիրի բարեյաջող իրականացումը կը նպաստէ ՀՀ զբօսաշրջային ներուժի մեծացման եւ փոխադրումներու ոլորտին նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման»,- յայտնած են ՔԱԳՎ-էն։