Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Լրատուամիջոցները Լայնօրէն Կ’անդրադառնան Հայաստանի Իրադարձութիւններուն

Թրքական Լրատուամիջոցները Լայնօրէն Կ’անդրադառնան Հայաստանի Իրադարձութիւններուն

by MassisPost

Համաշխարհային մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը գտնուող հայաստանեան իրադարձութիւններուն լայնօրէն անդրադարձած են նաեւ թրքական առաջատար պարբերականները:

«Հայաստանը ցնցած յաւերժ ընդդիմադիրը, ո՞վ է Փաշինեանը», այսպէս է վերնագրած իր յօդուածը թրքական «Hürriyet» պարբերականի սիւնակագիր Ներտուն Հաճիօղլուն: Վերջին շաբաթներուն ան իր սիւնակի վրայ պարբերաբար անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ընթացող զանգուածային ցոյցերուն: «Դեռ երեք շաբաթ առաջ Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանի ետին շարքերուն նստող ընդդիմադիր քաղաքական գործիչ էր: Յայտարարելով, թէ Սերժ Սարգսեանը դրժած է իր խոստումը, ան զինուորական գունաւորմամբ հագուստներով փողոց դուրս եկաւ»,- գրած է թուրք յօդուածագիրը:

Հաճիօղլուն գրած է նաեւ Փաշինեանի անցած քաղաքական ուղիի եւ կերպարի մասին: «Ժողովուրդը զինք «հայ Չէ Գեւարա» կոչած է, իսկ Փաշինեան ինքզինք Նելսոն Մանտելային կը նմանցնէ»,- գրած է «Hürriyet»-ի սիւնակագիրը, ընդգծելով՝ Հայաստանի ընդդիմութեան առաջնորդը ոչ թէ անձերու, այլ համակարգի դէմ կը պայքարի:

Հայաստանեան «թաւշեայ յեղափոխութեան» եւ Նիկոլ Փաշինեանի մասին ուշագրաւ հրապարակում տեղ գտած է թուրքական «Bianet» հանդէսի մէջ: «Նիկոլ Փաշինեանը կսահակաշվիլիանա» վերնագիրով յօդուածին մէջ «Bianet»-ի յօդուածագիր Մուսթաֆա Էրտեմոլը զուգահեռներ իրականացուցած է Փաշինեանի եւ Վրաստանի «Վարդերու յեղափոխութեան» առաջնորդ, նախկին նախագահ Միխէիլ Սաակաշվիլիի միջեւ: «Գուցէ վաղաժամ կը կանխատեսէ, բայց եթէ Հայաստանի ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը այսպէս շարունակէ, ապա երկրորդ Սաակաշվիլին կը դառնայ»,-գրած է մեկնաբանը, ընդգծելով՝ «հայ առաջնորդը պէտք չէ կրկնէ Սաակաշվիլիի սխալը, ան պէտք չէ յոյսը դնէ Արեւմուտքի եւ ԱՄՆ-ի վրայ»:

Թրքական «Anadolu» գործակալութեան հրապարակած «Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը ցնցած Փաշինեանը» յօդուածին մէջ ալ մանրամասն անդրադարձ կայ համաժողովրդական շարժման առաջնորդի քաղաքական կենսագրութեան: «Նիկոլ Փաշինեանը, որ նախքան ալ յայտնի էր իր ընդդիմադիր կեցուածքով, Հայաստանի մէջ վարչապետի պաշտօնէն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին հանգեցրած գործընթացի ճարտարապետը դարձաւ»,- գրած է «Anadolu»-ն:

Վերլուծելով Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղեգծի վերաբերեալ Փաշինեանի ըրած յայտարարութիւնները, թրքական գործակալութիւնը արձանագրած է, թէ ան եթէ վարչապետ դառնայ հայ-թուրքական յարաբերութիւններու հարցի մէջ փոփոխութիւն չ’ըլլար:

Թուրքական «Odatv»-ն ալ, մեկնաբանելով հայաստանեան իրադարձութիւնները, գրած է՝ «հակաիշխանական ցոյցերու եւ գործադուլներու միջոցով Երեւանի մէջ կեանքը կանգնեցուցած Փաշինեանը քայլ առ քայլ կ’երթայ դէպի յաղթանակ»: Թրքական «Haberler»-ն ալ արձանագրած է՝ «8 մայիսին Հայաստանը նոր վարչապետ պիտի ընտրէ»:

Վերջին շաբաթներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի զանգուածային ցոյցերուն, գործադուլներուն, անհնազանդութեան գործողութիւններուն եւ բազմահազարանոց հանրահաւաքներուն պարբերաբար անդրադարձած են «Milliyet», «Cumhuriyet», «Sabah», «T24» պարբերականները, նաեւ «NTV»-ն, «HaberTürk»-ը, «YeniVakit»-ը, «TRTHaber»-ը, «GazeteVatan»-ը, «BBC»-ի, «Sputnik»-ի, «Deutsche Welle»-ի, «Euronews»-ի թրքական ծառայութիւնները:

Թուրքիոյ հայկական պարբերականներէն այդ իրադարձութիւնները լուսաբանած են «Ակօսը», «Ժամանակը», «Նոր «Մարմարան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment