Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զախարովա. Ղարաբաղի Հարցով Պէտք է Սպասել Հայաստանի Ներքաղաքական Իրավիճակի Կայունացման

Զախարովա. Ղարաբաղի Հարցով Պէտք է Սպասել Հայաստանի Ներքաղաքական Իրավիճակի Կայունացման

by MassisPost

«Հայաստանը հիմա կ’ապրի ոչ սովորական քաղաքական ժամանակներ»,-այս մասին յայտարարած է  ՌԴ ԱԳ նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝  անդրադառնալով հարցին, թէ ինչքանով հնարաւոր է Հայաստանի նոր վարչապետի օրօք ԼՂ խնդիրի կարգաւորման բանակցութիւններու աշխուժացումը:

«Ես կը կարծեմ՝ պէտք է սպասենք: Երբ քաղաքական իրավիճակը վերջնականապէս կայուն կը դառնայ, երբ քաղաքական ուժերը, քաղաքական շարժումները օրէնսդրական, սահմանադրական ճանապարհով կ’որոշեն ղեկավար մարմիններու կազմերը, այդ ժամանակ կ’ըլլան բոլոր հնարաւորութիւնները նաեւ արտաքին քաղաքականութեան իրականացման համար, որոնցմէ մէկն ալ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորումն է»,- ըսած է ան:

Ռուսաստանի  Արտաքին Գործոց   նախարարութեան ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ ԼՂ խնդիրի կարգաւորմամբ կը զբաղուին հետեւողական կերպով, կողմերուն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն նաեւ առաջիկային:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment