HSBC դրամատան` Կոմիտասի-Կիւլպենկեան խաչմերուկին վրայ գտնուող մասնաճիւղին վրայ աւազակային յարձակում կատարուած է:
Պարզուած է, որ աւազակային յարձակում կատարած անձը, դանակով, նռնակով, հրացանով զինուած, ներխուժած է դրամատուն, վիրաւորած երկու աշխատակից, որոնցմէ մէկը մահացած է:
Աւազակային յարձակում կատարած անձը յափշտակած է գումար եւ դիմած փախուստի: Սակայն չէ յաջողած հեռու փախչիլ:
Անյապաղ դէպքի վայր ժամանած ոստիկանական խումբին կողմէ շրջափակուելով` ան դիմադրութիւն ցոյց տուած է, վիրաւորած ոստիկաններէն մէկը, սակայն իրաւապահներու հմուտ գործողութիւններուն շնորհիւ արագօրէն վնասազերծուած ու տեղափոխուած է ոստիկանութիւն:
Ոստիկանութիւնը մանրամասներ յայտնած է՝ յանցագործութիւն կատարած անձը Ճանապարհային ոստիկանութեան տեսանկարահանման միջոցով յայտնաբերուած խախտումներու արձանագրման կեդրոնի պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Դանիէլ Դանիէլեանն է:
Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է , որ բժիշկները չեն յաջողած փրկել այն ոստիկանի կեանքը, որ աւազակային յարձակման ժամանակ հրազէնային վնասուածք ստացած էր:
«Ոստիկանութեան աւագ ենթասպայ Արա Շախգուլեանը, չնայած վիրահատութեանն ու բժիշկների բոլոր ջանքերին, մահացաւ։ Երկու երեխաների հայր, ՊՊԾ ջոկի հրամանատարը համակարգում էր 2000 թուականից», – գրած է Ահարոնեանը։
Աւելի ուշ պարզուած է, որ ծանրօրէն վիրաւորուած ըլլալէ ետք նոյնպէս զոհուած է դրամատան ապահովութեան աշխատակիցներէն մին: