Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրավիճակը Վերջնականօրէն կը Լուծուի Արտահերթ Ընտրութիւններն Ետք․ Նիկոլ Փաշինեան

Իրավիճակը Վերջնականօրէն կը Լուծուի Արտահերթ Ընտրութիւններն Ետք․ Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Ազգային ժողովին լրագրողներու հետ զրոյցին ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, «Իմ քայլը» շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, թէ ինչ երաշխիքներ ունի, որ «Հանրապետական» խմբակցութիւնը չի խախտեր խոստումը, եւ չի կրկնուիր Մայիս 1-ը։

Անդրադառնալով հարցին, թէ ինչպէս կը պատկերացնէ վարչապետ ընտրուելու պարագային խորհրդարանական մեծամասնութեան՝ ՀՀԿ-ի հետ աշխատանքը, Նիկոլ Փաշինեանը ըսաւ․

«Աշխատանքային մթնոլորտ է լինելու, ինչպէս նախկինում ասել եմ՝ մեր նպատակը Հայաստանում համերաշխութեան համազգային միասնութեան մթնոլորտի հաստատումն է։ Այդ խնդիրը լուծելու համար կան բոլոր նախապայմանները»։

Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ ընդգծած է, որ իրավիճակը վերջնականօրէն լուծուած չի համարուիր, եթէ արտահերթ ընտրութիւններ տեղի չունենան։

Նիկոլ Փաշինեանը մեխանիզմներու, ճանապարհներու մասին դեռ չէ խօսած, ըստ պատգամաւորի կարեւոր է այս փուլին անցումային կառավարութեան ձեւաւորումը, թէ որոնք կ’ըլլան այնտեղ՝ եւս չէ մանրամասնած։

Նիկոլ Փաշինեանը եւս մէկ անգամ ընդգծած է, որ իր վրայ պիտի չվերցնէ դատախազի, դատաւորի, ՀՔԾ պետի գործառոյթները, ամէն ինչ պիտի ըլլայ օրինականութեամբ։

Անդրադառնալով հարցին՝ արդեօք վարչապետ ընտրուելէ յետոյ կը հանդիպի Լեւոն Տէր- Պետրոսեանի հետ, պատգամաւորը ըսած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային կը հանդիպի։

Փաշինեանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ Մայիս 8-ին պիտի իրականացուի հանրահաւաք։

Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ ԱՄՆ դեսպանին հետ, եւ ան նշած է, որ հանդիպման ընթացքին աշխարհաքաղաքական հարցեր քննարկուած են միայն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment