ՌԴ նախագահի վարչակազմը յոյսով են, որ անկախ վարչապետի ընտրութեան արդիւնքներէն, Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները կը պահպանուին։ Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ Vedomosti-ն, յայտնած է ՌԴ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Պեսքովը։
«Յոյսով ենք, որ ցանկացած պարագային դաշնակցային, բարի եւ կառուցողական յարաբերութիւնները հաստատուն կ’ըլլան ինչպէս մեր երկրի, այնպէս ալ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան համար»,- ըսած է ան։