Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Կոչ Ըրած է Անհնազանդութեան Բողոքները Դադրեցնել

Նիկոլ Փաշինեան Կոչ Ըրած է Անհնազանդութեան Բողոքները Դադրեցնել

by MassisPost

Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ բողոքի ցոյցերը առաւել մեծ թափով շարունակուած է նաեւ Մայիս 2-ին: Կրկին իրականացուցած են գործադուլ եւ դասադուլ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն սկսած են փակել մայրաքաղաք Երեւանի հիմնական գլխաւոր պողոտաները: Բողոքի մասնակցած են նաեւ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի հաշուառման բաժնի աշխատակիցները՝ գործադուլի դուրս գալով:

Այս աննախադէպ ցոյցերուն որպէս արդիւնք  արձանագրուած են մեծ յաջողութիւններ եւ  դրական փոփոխութիւններ:

Այնուհետեւ Փաշինեան Հանրապետութեան հրապարակէն ցուցարարներուն կոչ ըրած է խաղաղ անհնազանդութեան բողոքները դադրեցնել հանրապետութեան ողջ տարածքին եւ Մայիս 3-ին վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը առաջադրել:

protests may 2 e

Փաշինեանը յայտարարած է, որ «Ծառուկեան» դաշինքի, «Դաշնակցութեան» եւ «Ելք» դաշինքի պատգամաւորները իրենց ստորագրութիւնը կը դնեն, որպէսզի ինք առաջադրուի վարչապետի թեկնածու: «ՀՀԿ-ն խմբակցութեան նիստ է անցկացնել, որի արդիւնքներով յայտարարել են, որ առաջիկայ ընտրութիւններին սատարելու է ժողովուրդի թեկնածուին: Այսինքն, եթէ հաշուի առնենք այսօրուայ քաղաքական յայտարարութիւնները,  վարչապետի ընտրութիւններու երկրորդ փուլում մեր թեկնածուի ընտրութեան խնդիրը գործնականում լուծուած է: Դրա համար մենք պէտք է անենք ճշգրիտ գործողութիւններ: Վաղը մենք ոչ Երեւանում, ոչ մարզերում ոչ մի ակցիա  չենք իրականացնում եւ դուք հանգստանում էք »,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Փաշինեան յայտարարած է, որ «համաժողովրդական շարժումը չի կրնար չյաղթել»:

«Մենք կը վերլուծենք սենարները: Այն ժողովուրդը, որ զգացած է յաղթանակի շունչը, չի կրնար ձեռքերէն ձգել յաղթանակը: Այն, ինչ գրասենեակներու եւ դահլիճներու մէջ տեղի կ՛ունենայ, արդէն էական չէ: Էականն այն է, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-ժողովուրդ հին կապը այլեւս պիտի չըլլայ»,-mediamax-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է Փաշինեան:

Ան համոզուած է, որ Հայաստանի ժողովրդավարական ապագային որեւէ բան չի սպառնար:

Խօսելով հնարաւոր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութեան մասին, ան ըսած է.

«Մենք բոլոր սենարներուն պատրաստ ենք: Քաղաքական իրավիճակը ամէն օր կը փոխուի եւ շուտով պիտի փոխուի ամէն ժամ»:

Ան հաւաքուածներուն կոչ ըրած է օրուան ընթացքին հետեւիլ իր ֆէյսպուքեան էջին, որու միջոցով ինքը հանրութեան կը տեղեկացնէ զարգացումներու մասին՝ շեշտելով, որ բոլոր պարագային զգօնութիւնը պէտք չէ կորսնցնեն:

Նիկոլ Փաշինյանը բոլորին կոչ ըրած է վարչապետի ընտրութեան օրը՝ Մայիս 8-ին կրկին հաւաքուիլ:

protests

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment