Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցին Յարձակման Ենթարկուած է

Պոլսոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցին Յարձակման Ենթարկուած է

by MassisPost

Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասի մէջ գտնուող հայկական Սբ. Թագաւոր եկեղեցին անյայտ անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած է:

Այս մասին ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրառում կատարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ ներկայացուած քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ) կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամ Մուրատ Մըխճըն:

Ըստ վերջինիս, անյայտ անձիք աղբ լեցուցած են եկեղեցւոյ բակին մէջ` փակելով մուտքը, իսկ պարիսպի վրայ թրքերէնով գրած. «Այս հայրենիքը մերն է»: Մըհճըն հրապարակած է նաեւ եկեղեցւոյ լուսանկարը:

Դէպքի առընչութեամբ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Քատըքէօյի տեղական ինքնակառավարման մարմինը: Յայտարարութեան մէջ Քատըքէօյի համայնքապետարանը հաստատած է եկեղեցւոյ վրայ յարձակման մասին լուրերը` ըսելով. «Կը դատապարտենք այս ցեղապաշտական յարձակումը եւ կը տեղեկացնենք, որ տարածքի մէջ արդէն մաքրման աշխատանքներ կատարուած են»:

istanbul-church-2

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment