Ֆրանսայի ամենախոշոր հիւրանոցային ցանցը՝ «Աքքոր Հոթելը» կը խոստանայ այսուհետ ուշադրութեամբ ուսումնասիրել ֆինանսական հոսքերն ու պարզել անոնց ծագումնաբանութիւնը: «Այս յայտարարութիւնը հնչած է ֆրանսական այդ ընկերութեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի ընտանիքի անդամներու անուան հետ կապուող հերթական սգանտալային բացայայտումներու ֆոնին»,- հաղորդած է ֆրանսական ռատիոընկերութիւններէն մէկը:
Լրատուամիջոցը նաեւ աւելցուցած է, թէ ֆրանսական «Աքքոր Հոթելի» եւ Ատրպէյճանի միջեւ կապերու մասին նախքան ոչինչ յայտնի էր: Լրագրողական հետաքննութիւնը, որուն յղում ըրած է ֆրանսական ռատիոն, կը կոչուի «Տաֆնէի նախագիծը»՝ ի յիշատակ 2017 թուականի աշնանը սպաննուած մալթացի լրագրող Տաֆնէ Կարուանա Գալիցիայի: Հետաքննութեան մասնակցած են աւելի քան 4 տասնեակ լրագրողներ՝ 18 լրատուամիջոցներէն, ինչպէս նաեւ՝ «Կարտիան»-էն, «Նիւ Յորք Թայմզ»-էն, «Լը Մոնտ»-էն եւ «Ռօյթըրզ»-էն:
Լրագրողները պարզած են, որ մալթական մասնաւոր դրամատուն մը՝ Pilatus –ը ֆրանսական ընկերութեան անունով հաշուեհամար բացած է, որու վրայ կը փոխանցուէին Ալիեւներու ընտանիքին պատկանող՝ Տուպէյի մէջ գտնուող անշարժ գոյքի գործարքներէն ստացուած եկամուտները: Խօսքը, մասնաւորապէս, հինգ աստղանի Sofitel Dubai Palm Resort հիւրանոցի մասին է, որու հողատարածքը կը պատկանի Ատրպէյճանի նախագահի դստրերուն՝ Լեյլային եւ Արզուին: Հետաքննող լրագրողները նաեւ կապ գտած են այդ հիւրանոցի շինարարական աշխատանքները իրականացուցած ընկերութեան սեփականատիրոջ եւ Ալիեւներու ընտանիքի միջեւ: Լրագրողները Տուպէյի մէջ Ալիեւներուն պատկանող, ընդհանուր առմամբ՝ 107 միլիոն եւրօ ընդհանուր արժողութեամբ անշարժ գոյք արձանագրած են:
«Տաֆնէի նախագիծի» լրագրողները Ալիեւներու հետ կապ ունեցող նոր գործարքներ գտած են նաեւ Եւրոպայի մէջ․ այդ գործարքները ձեւակերպուած են հիմնականին կեղծ անուններով: Անոնց մէջ է 3,7 միլիոն եւրօ արժողութեամբ առանձնատունը Սպանական Մարպելլէի մէջ, բազմամիլիոնանոց ներդրումներ՝ ֆրանսական բարձրակարգ ընկերութիւններու մէջ: Այդ բոլոր գործարքները գրանցուած են Մալթայի մէջ գտնուող կեղծ կազմակերպութիւններու անուններով, եւ անոնց հետ կապուած բոլոր դրամական գործարքները իրականացուած են մալթական Pilatus Bank-ի միջոցով, որ Le Monde -ը անուանած է «Ատրպէյճանի իշխող ռեժիմի դրամատուն»:
Ֆրանսական լրատուամիջոցը նշած է, որ լրագրող Տաֆնէ Կարուանա Գալիցիան, մինչ սպաննուիլը, այս դրմատունի եւ Ալիեւներու միջեւ կապերը կը հետաքննէր: Լրագրողը հասցուցած էր պարզել, որ Իլհամ Ալիեւի դուստր Լեյլային պատկանող՝ Տուպէյի մէջ գրանցուած ընկերութիւններէն մէկը 1 միլիոն տոլարի փոխանցում կատարած է Մալթայի վարչապետի տիկնոջը` Միշէլ Մուսկատին պատկանող՝ Փանամայի մէջ գրանցուած Egrant ընկերութեան:
Հետաքննող լրագրողները նշած են՝ պատահական չէ, որ Ատրպէյճանական իշխող ընտանիքի ընտրութիւնը կանգ առած է Մալթայի վրայ: Անոնք կը յիշեցնեն, որ Մալթայի վարչապետ Ճոզէֆ Մուսկատը 2014-ի Դեկտեմբերին Պաքու կատարած այցի ընթացքին շարք մը պայմանագիրներ կնքած է, որոնց մէջ Մալթան պարտաւորուած է 18 տարի ժամկէտով կազ գնել բացառապէս Ատրպէյճանէն, ինչպէս նաեւ՝ ատրպէյճանական ընկերութիւնները ներգրաւել երկրի խոշորագոյն ելեկտրակայանի շինարարութեան գործի մէջ: