Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Կարէն Կարապետեանը Երկխօսութեան Հրաւիրեց

Նիկոլ Փաշինեան Կարէն Կարապետեանը Երկխօսութեան Հրաւիրեց

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանը 27 Ապրիլին, ժամը 12:00-ին վարչապետի պաշտօնակատար, ՀՀԿ փոխնախագահ Կարէն Կարապետեանը հրաւիրած է «Մարիոթ» հիւրանոց՝ սկսելու բանակցային գործընթացի երկրորդ փուլը:

«Բանակցութիւններու նախորդ փուլը ձախողուեց հետեւեալ պատճառով․ երբ ես պատրաստւում էի հանդիպել Կարէն Կարապետեանի հետ, կային հանրապետականներ, ովքեր ասում էին, որ Կարէն Կարապետեանը չի ներկայացնում իրենց: Երէկ իրենք կուսակցական ժողով են արել Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ, եւ ի վերջոյ եկել են ընդհանուր յայտարարի, որ պէտք է Կարէն Կարապետեանին լիազօրեն, որպէսզի բանակցի», – մանրամասնած է Փաշինեանը:

«Ինչպէս եւ նախկինում, պատրաստակամութիւն ենք յայտնում շարունակել բանակցային գործընթացը մեր առաջարկած օրակարգի շրջանակներում եւ ես վաղը ժամը 12:00-ին Կարէն Կարապետեանին հրաւիրում եմ «Մարիոթ» հիւրանոց՝ սկսելու բանակցային գործընթացի երկրորդ փուլը», – շարունակած է Փաշինեանը:

Ընդդիմադիր գործիչը ընդգծեց, որ բանակցութիւններու համար ունի մէկ ճշգրիտ պայման՝ պէտք է տեղի ունենայ լրագրողներու մասնակցութեամբ՝ «որպէսզի հանրութիւնը տեղեակ լինի, թէ ինչ ենք քննարկում»:

«Մենք Հանրապետականի հետ փակ դռների ետեւում չենք բանակցելու, մենք բանակցելու ենք ժողովուրդի աչքի առաջ, որովհետեւ մենք յայտարարում ենք, որ ժողովուրդը իշխանութիւն է, ժողովուրդը մեր ղեկավարն է, ժողովուրդը մեր շեֆն է եւ մենք մեր ղեկավարին պէտք է հաշուետու լինենք մեր արած ամէն քայլի համար», – աւելցուցած է ան:

Փաշինեան Հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Դեսպան Իվան Վոլինկինի Հետ
Հայաստանի մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերու առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինկինի հետ: Այս մասին յայտարարած է Փաշինեանը՝ փոխանցած է «ՌԲԿ»-ն: Փաշինեանը ընդգծած է, որ ինքը նախաձեռնած է հանդիպումը:

Ռուսիան խոստացած է չմիջամտել Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, իսկ Փաշինեանը, Ռուսիոյ դեսպանին վստահեցուցած է, որ «իր շարժման որեւէ հակառուսական տրամադրութիւն չկայ»: Հիմնական թեման, ըստ Փաշինեանի, եղած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը:

«Մենք բազմաթիւ հարցեր ենք քննարկել, եւ ամենակարեւորը, ի հարկէ, մեր իրավիճակն է եւ անոր յետագայ զարգացումը: Մենք քննարկած ենք, թէ ինչպէս Ռուսիան կրնայ հասկանալ իրավիճակը եւ ինչպէս կրնայ նպաստել դրա հանգուցալուծմանը», – նշած է քաղաքական գործիչը:

Հարցին՝ արդեօք ան չունի մտավախութիւններ, որ, հաշուի առնելով Ուքրաինոյ փորձը, ձգձգուող քաղաքական ճգնաժամի պարագային Ռուսիան կրնայ միջամտել, Փաշինեանը բացասական պատասխան տուած է: «Ես չեմ ուզում հաշուի առնել ուքրանական փորձը, քանի սա բոլորովին այլ  պատմութիւն է: Ես ուզում եմ յստակ արձանագրել, եւ այդ մասին խօսք է գնացել դեսպանի հետ հանդիպման ժամանակ, որ այս շարժումն ընդհանրապէս աշխարհաքաղաքական համատեքստ (բնաբան) չունի»,- յայտարարած է ան:

Փաշինեանը շեշտած է. «որ Հայաստանի մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերը ուղղուած չեն ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ ԱՄՆ-ի, ո՛չ ԵՄ-ի, ո՛չ Իրանի կամ Վրաստանի դէմ: Սա կոռուպցիայի (փտածութիւն) դէմ շարժում է, սա շարժում է անարդիւնաւէտ կառավարման դէմ, սա զուտ ներքին հայկական շարժում է: Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները ասում են, որ մտադիր չեն միջամտել Հայաստանի ներքին գործերին», – ըսած է Փաշինեանը: Յատկապէս, որ այստեղ որեւէ աշխարհաքաղաքական համատեքստ եւ հակառուսական տրամադրութիւնների ոչ մի կաթիլ ընդհանրապէս չկայ»:

Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Պեսքով աւելի վաղ ըսած էր, որ Մոսկուան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն կը վերաբերի որպէս երկրի ներքին գործ:

Փաշինեանը պատմած է, որ Ռուսիոյ դեսպանի հետ զրոյցի ժամանակ քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, սակայն՝ ոչ մանրամասն: Դեսպան Վոլինկինը առաջին օտարերկրեայ դիւանագէտը չէ, որու հետ Փաշինեանը հանդիպում իրականացուցած է: «Առաւօտեան ես հանդիպել եմ Հայաստանում Եւրոպական միութեան դեսպանների հետ, հինգշաբթի գիշերը հանդիպելու եմ ԱՄՆ դեսպանի հետ»,- աւելցուցած է Փաշինեանը:

protests-26-1

«Օր Առաջ Քաղբանտարկեալները Պէտք է Ազատ Արձակուին»․ Նիկոլ Փաշինեան
Օր առաջ, ժամ առաջ պէտք է ազատ արձակուին քաղբանտարկեալները, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ անոր գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութեան յետագայ իշխանավարման դէմ պայքարը գլխաւորող՝ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանը, նշելով՝ «այդտեղ երկու կարծիք լինել չի կարող»։

Հարցին, թէ ե՞րբ, ո՞ր փուլին պէտք է, իր բնորոշմամբ, քաղբանտարկեալները ազատ արձակուին, երբ որ ստանձնէ՞ վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները, Փաշինեանը պատասխանեց.- «Երբ որ այդ լիազօրութիւնները հասանելի լինեն։ Ուղղակի ես պէտք է խնդրեմ մի քանի օր եւս համբերատար լինեն, որպէսզի էդ հարցերը լուծուին»։

Ճշդող հարցին, թէ այդ իր առաջի՞ն որոշումներէն պիտի ըլլայ, ընդդիմադիր գործիչը պատասխանած է. – «Այո»։

«Ազատութեան» հետ զրոյցին Փաշինեանը նաեւ անուններ տուած է՝ Շանթ Յարութիւնեան, Ժիրայր Սեֆիլեան, Գէորգ Սաֆարեան, Անտրիաս Ղուկասեան եւ ուրիշներ:

Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, «Ծառուկեան» դաշինքի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ։

Հարցին, թէ Ծառուկեանի հետ վարչապետի միասնական թեկնածուի հարց քննարկուա՞ծ է, ընդդիմադիր գործիչը պատասխանած է. – «Երեկոյեան ամէն ինչի մասին կը խօսենք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment