Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յետխորհրդային Տարածքի Մէջ Հնարաւոր է Փոփոխութիւն՝ Խաղաղ Շարժման Միջոցով. Միջազգային Մամուլի Անդրադարձը

Յետխորհրդային Տարածքի Մէջ Հնարաւոր է Փոփոխութիւն՝ Խաղաղ Շարժման Միջոցով. Միջազգային Մամուլի Անդրադարձը

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կարեւոր են, քանի որ անոնք ցոյց կու տան, որ յետխորհրդային երկրի մէջ հնարաւոր է փոփոխութիւն՝ խաղաղ եւ ժողովրդական շարժման միջոցով: Փաստը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները զսպուածութիւն ցուցաբերեցին եւ անհամաչափ ուժի չդիմեցին ցուցարարներու նկատմամբ, գրած է բրիտանական BBC-ն:

BBC-ին հաղորդած է, որ Հայաստանի մայրաքաղաքի մէջ ցնծութիւն կը տիրէր՝ բողոքի ցոյցերու ճնշման տակ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարական տալէ ետք: Լուրը յայտնուելուն պէս Հանրապետութեան հրապարակի վրայ կարծես ուրախութեան հրավառութիւն տիրէր, շատերը նշած էին, որ յաղթանակ է ամբողջ ազգի համար եւ որ մարդիկ դուրս եկան փողոցներ ժողովրդավարութեան համար եւ յաղթեցին:

BBC-ի հետ զրոյցին Սերժ Սարգսեանի խօսնակ Յովհաննէս Նիկողոսեանը նշած է, որ Սերժ Սարգսեանը պատասխանատու կերպով վարուած է եւ կատարած է փողոցային շարժման պահանջները:
«Կարծում եմ՝ նրա հրաժարականը գործող ժողովրդավարութեան յստակ ապացոյց է: Այնպէս չէ, որ աշխարհի ցանկացած անկիւնում ընթացող ամէն ցոյց յանգեցնում է իշխանութեան հրաժարականին»,- ըսած է Յովհաննէս Նիկողոսեանը:
The New York Times-ը գրած է, որ Ատրպէյճանը երկար ժամանակ օգտագործած է Հայաստանի մէջ խռովութիւնները եւ փորձած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ օգուտ քաղել, որ ըստ վերլուծաբաններու՝ Սերժ Սարգսեանի արագ գործելու պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ: Բացի այդ, անոնց կարծիքով, քանի որ 2008 թուականին Սերժ Սարգսեանի նախագահութիւնը սկիզբ առած էր փողոցային ցոյցերով, որու հետեւանքով 10 մարդ զոհուած էր, ան մտադիր էր այս անգամ պահպանել խաղաղութիւնը:

The Washington post-ը գրած է, որ Սերժ Սարգսեանը թերագնահատեց իր իսկ ժողովուրդը, երբ փորձեց դասական Փութինեան քայլ իրականացնել: Ժողովրդական ապստամբութիւնը հարուած է Վլատիմիր Փութինի կողմէ խրախուսուող մենատիրական քաղաքական ձեւին, որ տարածուած է ոչ միայն այլ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ, այլեւ՝ Թուրքիոյ մէջ:
Bloomberg-ը գրած է, որ գրեթէ անհաւանական էր պատկերացնել, որ 2014 թուականի Ուքրանիոյ յեղափոխութեան Ռուսաստանի արձագանգէն ետք Հայաստանը կը փորձէր յեղափոխութիւն իրականացնել: Այնուամենայնիւ, երկիրը կաթուածահար ըրած զանգուածային բողոքի ցոյցերը ստիպեցին Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեանին հրաժարական տալ: Կայքը գրած է, որ ցուցարարները զգոյշ եղած են՝ ընդգծելու համար, որ իրենց շարժառիթները խիստ ներքաղաքական են, որու պատճառով Ռուսիան կարիք չէ տեսած միջամտելու իրավիճակին:
Ռուսական gazeta.ru-ն իր հերթին, նկարագրելով 13 Ապրիլէն սկսած բողոքի ցոյցերը եւ ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած ռազմավարութիւնները, նշած է, որ աննախադէպ բողոքի ցոյցերու մասնակիցները ի վերջոյ հասան իրենց ուզածին: 23 Ապրիլին երկրի նախկին նախագահը յայտարարեց վարչապետի պաշտօնէն հեռանալու մասին: Կայքը գրած է, որ անկէ ետք Երեւանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերը վերածուեցան ժողովրդական տօնախմբութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment