Կրեմլը յայտարարած է, թէ գոհ է, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը ապակայունացման ճանապարհով չ’ընթանար, եւ յոյս յայտնած է, որ կայունութիւնը կը պահպանուի եւ քաղաքական փոխհամաձայնութիւն կը հաստատուի:
«Այն, ինչ կը կատարուի Երեւանի մէջ, մեր հայ բարեկամներու, դաշնակիցներու ներքին գործն է», – յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:
«Մենք յոյս ունինք, որ Հայաստանի մէջ կը պահպանուի կարգուկանոնը, կայունութիւնը, եւ ամենամօտ ժամանակի մէջ ի յայտ կու գան հայ ժողովուրդը ներկայացնող ուժերու փոխհամաձայնութեամբ որոշուած քաղաքական ուրուագիծերը», – ըսած է Վլատիմիր Փութինի խօսնակը: