Home ՍՓԻՒՌՔ Խարբերդէն Մինչեւ ԱՄՆ. Ամերիկահայ Դերասան Էրիկ Պօղոսեանի Ընտանիքի՝ Ցեղասպանութենէն Փրկուելու Պատմութիւնը – Թրքական Կայքէջ

Խարբերդէն Մինչեւ ԱՄՆ. Ամերիկահայ Դերասան Էրիկ Պօղոսեանի Ընտանիքի՝ Ցեղասպանութենէն Փրկուելու Պատմութիւնը – Թրքական Կայքէջ

by MassisPost

Թրքական gazetekarinca.com կայքը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ ներկայացուցած է ամերիկահայ դերասան Էրիկ Պօղոսեանի ընտանիքի՝ ցեղասպանութենէն փրկուելու եւ հայրենիքէն հեռու կեանքը շարունակելու պատմութիւնը:

auroraprize.com կայքի «100 կեանք» նախագիծի կատարած հարցազրոյցը Էրիկ Պօղոսեանի հետ թուրքական կայքը թարգմանած եւ ներկայացուցած է ամբողջութեամբ՝ օգտագործելով ցեղասպանութիւն բառը առանց չակերտներու:

Պոսթըն ծնած Պօղոսեանի ընտանիքը ԱՄՆ հասած է Արեւմտեան Հայաստանի պատմական Խարբերդ գաւառէն: Ամերիկահայ դերասանը յիշած է, որ ընտանիքի մէջ յաճախ չէր խօսուած անցած ցաւերու ու կորուստներու մասին, սակայն այդ չէ խանգարած, որ ինք ծանօթանայ իր պատմութեան:

«Ես միայն գիտեմ, որ մեծ հայրս 1915-ին հասած է ԱՄՆ: Անոնք Խարբերդէն էին: Պապս՝ Մկրտիչը, փախած ու փրկուած է ցեղասպանութենէն, սակայն ինչպէս  փախած է՝ չեմ գիտեր:

Ճանապարհին ան փրկած է նաեւ մօրս, որու հայրը սպանուած էր: Մայրս մինչեւ կեանքի վերջ ապրեցաւ անոնց հետ Մասաչուսեթսի մէջ, ան անգլերէն չէր գիտեր: Ընտանիքս չէր խօսեր ցեղասպանութեան մասին, թէ ինչ եղած է Թուրքիոյ մէջ, անոնց համար բոլորը բացասական միտքեր էին»,- պատմած է Պօղոսեանը:

Ամերիկահայ դերասանի ծննդեան օրը 24 ապրիլին է: Ան յիշած է, որ ընտանիքի մէջ չէին պատմած, որ այդ նաեւ յիշատակի օր է:

«Երբ ես իմացայ, թէ ինչ պատահած է Մկրտիչ մեծ հօրս հետ Թուրքիոյ մէջ՝ շատ փոքր էի: Երեւի 4 տարեկան: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ուսումնասիրած եմ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն վերջին 10 տարին աւելի մեծ թափով: Ցաւօք, մեր հին երկիրէն, մեր հին քաղաքէն՝ Խարբերդէն, ոչինչ ունինք»,- նշած է Պօղոսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment