Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էմանուէլ Մաքրոն «Ցեղասպանութեան Յիշողութիւնը կը Վերաբերի Իւրաքանչիւրիս»

Էմանուէլ Մաքրոն «Ցեղասպանութեան Յիշողութիւնը կը Վերաբերի Իւրաքանչիւրիս»

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ուղերձով դիմած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին:

Ըստ Հայաստանի նախագահի մամուլի ծառայութեան, ուղերձի մէջ ըսած է. – «Պարոն Նախագահ, Ձեր կողքին մենք կը յիշենք 24 Ապրիլ 1915-ը, Կ. Պոլսոյ մէջ եւ 600 հայ մտաւորականներու սպանդը, որ կը վկայէ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան սկիզբը: Մենք երբեք չենք մոռնար այն տղամարդիկը, կիները եւ երեխաները, որոնք իրենց վախճանը գտան աքսորի ճանապարհներուն վրայ՝ սովէն, ցուրտէն»:

Ֆրանսան, որ Ճորճ Քլեմանսոյի, Անատոլ Ֆրանսի եւ Ժան Ժորեսի ձայնով դատապարտած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական ջարդերը, ընդունեց բազմաթիւ վերապրողներու: Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ միասին Ֆրանսան դեռեւս 25 Մայիս 1915-ին այդ ջարդերը որակած էր որպէս մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ ոճիր: 1915թ. սեպտեմբերին ֆրանսական նաւատորմը, կրակի տակ, կարողացաւ փրկել Մուսա լերան 4000 փախստական:

Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ անոր դասերու նշանակութիւնը կը վերաբերի մեզմէ իւրաքանչիւրին: Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի 103-րդ տարեդարձի այս օրը Ձեզ եւ Ձեր ժողովուրդին կը յղեմ իմ ամենաջերմ եւ բարեկամական մտածումները:

Կը խնդրեմ, Պարոն Նախագահ, ընդունեցէք յարգանքներուս խորին հաւաստիքը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment