Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը խորհրդարանի մէջ յատուկ ասուլիս կազմակերպած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան կապակցութեամբ:
«1915 թուականին այս օրը՝ 24 Ապրիլին, բազմաթիւ հայ մտաւորականներ ու գործիչներ ձերբակալուած եւ ուղարկուած են մահուան: Ես 2016 թուականի 4 Նոյեմբերին նոյն զգացումները ունեցայ, երբ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուեցան իմ կուսակից շարք մը պատգամաւորներ: 24 Ապրիլին սպաննուածներէն Գրիգոր Զօհրապն ալ Մեճլիսի (խորհրդարան) պատգամաւոր էր:
Եւ երբ 2016-ի Նոյեմբերին ձերբակալուեցաւ Սելահաթթին Տեմիրթաշը՝ ես նոյն բանը կը զգայի»,- ըսած է Փայլանը:
«Յարգելի նախագահը արդէն 4-րդ տարին է՝ ցաւակցական ուղերձ կը յղէ հայ ժողովուրդին: Իսկապէս շնորհակալ եմ անոր, այդ ցաւը մեղմող հանգամանք է, իսկապէս շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ, այդ քաջութիւն պահանջող քայլ է: Սակայն այստեղ պարոն նախագահը տեղի ունեցածը իր անունով չի կոչեր: Տեսէք՝ ըսուած է «Առաջին համաշխարհային պատերազմի դժուարին ու բարդ պայմաններու մէջ մահացած Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայերու …»: Բայց իմ մեծ մայրը, իմ մեծ հայրը պատերազմի պատճառով չեն մահացած, պարո՛ն նախագահ: Իմ մեծ մայրն ու մեծ հարը զինուորներ չէին, անոնք արհեստաւոր էին, այգեգործներ, գիւղացիներ, ծերեր ու երեխաներ», – յայտնած է Փայլանը: