Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Պատրաստակամութիւն կը Յայտնէ Բանակցելու` Սերժ Սարգսեանի Հրաժարականի Շուրջ

Փաշինեան Պատրաստակամութիւն կը Յայտնէ Բանակցելու` Սերժ Սարգսեանի Հրաժարականի Շուրջ

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան դէմ պայքարի դուրս եկած ցուցարարներու Նիկոլ Փաշինեան Ուրբաթ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայացած բազմահազարանոց հանրահաւաքի ընթացքին անդրադարձաւ իշխանական ճամբարէն հնչող երկխօսութեան կոչերուն:

«Պարզապէս ծիծաղելի է, որ Սերժ Սարգսեանի մահամերձ կամ մահացած իշխանութիւնը մեզ երկխօսութեան կոչ է անում: Քաղաքական դիակի հետ չեն երկխօսում: Սերժ Սարգսեանը քաղաքական դիակ է: Եւ իշխանութիւնը այլեւս անվերադարձ պատկանում է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդին» – յայտարարեց Փաշինեան ու աւելցուց. «Մենք ասում ենք, որ երկխօսելն արդէն ուշ է: Բայց դա չի նշանակում, որ մենք պատրաստ չենք որեւէ քննարկում ունենալ, մենք պատրաստ ենք քննարկել Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի ժամկէտները եւ դրա հետ կապուած որոշ պայմաններ»:

Ընդդիմադիր պատգամաւորը ներկայացուց  իր պատկերացումները հետագայ քաղաքական զարգացումներու մասին:

1) Սերժ Սարգսեանը հրաժարական կու տայ վարչապետի պաշտօնէն.

2) Ազգային ժողովը վարչապետ կ’ընտրէ ժողովուրդի թեկնածուին.

3) Կը ձեւաւորուի ժամանակաւոր կառավարութիւն.

4) Հայաստանի օրէնսդրութեամբ, վարչապետ նշանակուելէ յետոյ 20 օրուայ ընթացքի պէտք է Ազգային Ժողովը հաւանութիւն տայ կառավարութեան ծրագրին: Քաղաքական պայմանաւորուածութեան համաձայն Ազգային Ժողովը կը մերժէ կառավարութեան ծրագիրը, որմէ ետք տեղի կ’ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:

«Ահա այս ծրագրի կէտերը մենք պատրաստ ենք քննարկել Հանրապետականի ներկայացուցիչների հետ, որպէսզի ապահովենք իշխանութեան սահուն, անցնցում փոխանցումը ժողովրդին», – յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment