Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Օր Եօթերորդ – Ցուցարարները Շրջափակած են Կառավարութեան Շէնքը, Բերման Ենթարկուած են 123 Քաղաքացի

Օր Եօթերորդ – Ցուցարարները Շրջափակած են Կառավարութեան Շէնքը, Բերման Ենթարկուած են 123 Քաղաքացի

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեան եւ «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան անդամները Հանրապետութեան հրապարակ հաւաքուած էին կրկին առաւօտեան կանուխ ժամերուն:

Փաշինեանը լրագրողներուն յայտնած է, թէ հեռախօսային զրոյց ունեցած է SOAD խումբի հայ երգիչ Սերժ Թանկեանի հետ եւ վերջինս յայտնած է իր աջակցութիւնը գործընթացին:

Փաշինեանը նշած է, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն Կառավարութեան նիստը հետաձգուած է:

Այնուհետեւ երթը սկսած է եւ ցուցարարները հասած են նախարարութիւններու շէնք եւ փորձած են աշխատակիցներու մուտքը արգիլել: Ոստիկանները շրջափակած են նախարարութեան շէնքի մուտքերը եւ բերման ենթարկած են առաջին շարքերու վրայ նստած ուսանողները:

Ցուցարարները փորձած են խոչընդոտել, անոնք շրջափակած են Ոստիկանութեան ինքնաշարժը, որ փորձած է տեղափոխել բերման ենթարկուածները: Ցուցարարներէն մէկը պառկած է ոստիկանական ինքնաշարժի տակ, որպէսզի արգիլէ առաջխաղացը:

protets-19-3

«Իմ քայլը» շարժումը շրջափակած է նաեւ կառավարական շէնքերը, ուրկէ  Ոստիկանները բերման ենթարկած են   123  ցուցարարներ, որոնց մէջ եղած է նաեւ Դաւիթ Պետրոսեան: Ականատեսներու վկայութեամբ՝ աղջկայ մը քիթի շրջանը վնասուածքներ ստացած է ոստիկանի հարուածէն: ՀՀ ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պետի տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Վալերի Օսիպեանը խոստացած է մեղաւորը պատժել:

«Ժողովրդական յեղափոխութիւնը այնպիսի բան է, որ նոր կարգախօսներ են ծնւում, եւ քանի որ ոստիկանները ուժ կիրառեցին, մեր շարժումը պէտք է որդեգրի նոր կարգախօս»,- Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի մօտ հաւաքուողներուն ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը եւ դիմելով ոստիկաններուն վանկարկած. «Քայլ արա, զէնքդ դիր վար»:  Անոր միացած են նաեւ ցուցարարները:

Փաշինեանը այնուհետեւ զրուցած է Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի հետ եւ վերջինս յայտնած է, որ ցուցարարները անհամաչափ սահմանափակած են այլոց իրաւունքները, հետեւաբար, իրենք ալ  սահմանափակող գործողութիւններ ըրած են:

Փաշինեանը ցուցարարներու հետ «Քայլ արա, զէնքդ դիր վար», «Ոստիկանը մերն ա» վանկարկումներով լքած են Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի տարածքը, Վերնիսաժով քալած են դէպի Խանճեան փողոց, ուր ղեկավարը մարտավարութիւնը փոխած է: Անոնք չեն փակած ճանապարհը, այլ մէկ ուղղութիւնը ազատ ձգած են, որ վարորդները կրնան ճանապարհի մէկ ուղղութեամբ անցնիլ եւ ինքնաշարժներու ազդանշաններով մասնակիցիլ շարժումին:

«Դուրս արի փողոց եւ տէր կանգնիր քո հայրենիքին, քո իրաւունքին, քո յաղթանակին»  վանկարկումներով երթի մասնակիցները անցորդներուն, վարորդներուն կոչ ըրած են, որպէսզի իրենց միանան:

Երթի մասնակիցները հասած են նաեւ «Փեթակ» առեւտուրի կեդրոն, որու մուտքի առջեւ կանգնած են մեծ թիւով ոստիկաններ: Անոնք երթի մասնակիցներուն մուտքը արգիլած են առեւտուրի կեդրոն: Հետեւաբար լարուածութիւն առաջացած է ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ:  Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեանը կոչ ըրած է, որպէսզի միւս մուտքերը փակեն:

Փաշինեանը յայտարարած է փակել Իսակովի պողոտայի երկու երթեւեկելի գօտիները՝ մինչեւ ազատ արձակեն  բոլոր բերման ենթարկուածները։

Աւելի ուշ Ոստիկանները յաջողած են բանալ Արշակունեաց պողոտան, որ փակ էր շարք մը ցուցարարներու կողմէ եւ հսկողութեան ենթարկած են տարածքը, որպէսզի անոնք կրկին չփակեն պողոտան: Այսպիսով զուգահեռ երթը շարունակուած է Իսակովի պողոտայի վրայ: Իսկ ցուցարարները յաջողած են հասնիլ Յաղթանակի կամուրջ: Անոնցմէ մաս մըն ալ հասած են  Երեւանի քաղաքապետարան: Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքի առջեւ ոստիկանները պատնէշ կազմելով արգիլած են ցուցարարներուն մօտենալ շէնքին:

Լրագրողները հետաքրքրուած էին, թէ ինչով կը բացատրէ ոստիկանական գործողութիւնները, ըստ որու՝ բերման  ենթարկուած են տասնեակ քաղաքացիներ՝ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է. «Սիրով, սիրով եմ բացատրում»:

Աւելի ուշ երթը շարունակելով ցուցարարները թմբուկներով շարժած են Հանրապետութեան հրապարակ՝ կառավարութեան շէնքի մօտ՝ գործադիրի նիստի ժամանակ, որ Սերժ Սարգսեանի վարչապետի պաշտօնի ստանձնումէն յետոյ  առաջին նիստն էր:

protests-19-1

Կոչ Ոստիկանութեան՝ «Զերծ Մնալ Իրականութեան Չհամապատասխանող Յայտարարութիւններից»

«Ոստիկանութեան տարածած յայտարարութիւններն այն մասին, թէ հաւաքի կազմակերպիչներն իրենց սադրիչ վարքագծով հաւաքի մասնակիցներին ուղղորդում են տարբեր հակաիրաւական գործողութիւնների, չի համապատասխանում իրականութեանը», նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած են «Իմ քայլը» եւ «Մերժիր Սերժին» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները։

Նախաձեռնութիւնները համատեղ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշած են, որ «Իմ քայլը» եւ «Մերժիր Սերժին»-ը «ունենալով Հայաստանի քաղաքացիների լայն աջակցութիւնը, օրեր շարունակ իրականացնում են քաղաքացիական անհնազանդութեան ոչ բռնի գործողութիւններ՝ ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետութեան»։

protests-4-19-2

«Նախաձեռնութեան հեղինակների համար բռնութեան մերժումը սկզբունք է եւ բազմիցս յայտարարուել է, որ բացառում ենք նաեւ բռնութեանը բռնութեամբ պատասխանելու գործողութիւնները։ Ոստիկանութեան տարածած յայտարարութիւններն այն մասին, թէ հաւաքի կազմակերպիչներն իրենց սադրիչ վարքագծով հաւաքի մասնակիցներին ուղղորդում են տարբեր հակաիրաւական գործողութիւնների, չի համապատասխանում իրականութեանը: Շարժման կազմակերպիչները եւ մասնակիցները չեն կիրառում բռնութիւն եւ երբեք չեն կիրառելու, իսկ բոլոր այն անձինք, ովքեր հրահրում են նման գործողութիւնները կամ բռնութիւն են կիրառում ոեւէ մէկի նկատմամբ, չեն հանդիսանում բողոքի մասնակիցներ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Իմ քայլը» եւ «Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութիւնները կոչ ըրած են Ոստիկանութեան, որ «զերծ մնալ իրականութեանը չհամապատասխանող յայտարարութիւններից եւ հաւաքի կազմակերպիչների հասցէին անհիմն մեղադրանքներ հնչեցնելուց, ապահովել խաղաղ անհնազանդութեան ակցիայի մասնակիցների անվտանգութիւնը եւ հետեւողական լինել իրական սադրիչների եւ բռնութիւն կիրառող անձանց ինքնութիւնը պարզելու եւ օրէնքով սահմանուած կարգով նրանց պատժելու համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment