Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Երկխօսութեան Կոչը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Երկխօսութեան Կոչը

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարած է, թէ վերջին օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան հազարաւոր քաղաքացիներ, որոնց գերակշիռ մասը ուսանող երիտասարդութիւնն է, ցոյցերու եւ երթերու ձեւով իրենց պահանջները ներկայացուցած են իշխանութիւններուն:

«Երիտասարդները մեր վաղուայ օրն են՝ ապագայ զինուորը, գիտնականը եւ ճարտարապետը, քաղաքական գործիչը եւ պետական պաշտօնեան, եւ, անշուշտ, նրանց ձայնը պէտք է լսելի լինի ու նրանց կարծիքը յարգուի:

Անշուշտ, կան կուտակուած բազմաթիւ ընկերային-տնտեսական, իրաւական եւ քաղաքական բնոյթի խնդիրներ, որոնք շուտափոյթ լուծում են պահանջում: Հայաստանի խորհրդարանը եւ նրա մեծամասնութեան ձեւաւորած կառավարութիւնը, օժտուած լինելով համապատասխան լիազօրութիւններով, կոչուած են այդ հարցերը քննարկելու եւ հասարակութեանը բաւարարող լուծում գտնելու համար:

Իմ խորին համոզմամբ, նման վիճակների միակ լուծումը երկխօսութիւնն է ցանկացած ձեւաչափով, միմեանց տեսակէտների յարգումն ու հանդուրժողականութիւնը:

Որպէս պետութեան ղեկավար, ես հրաւիրում եմ կողմերին երկխօսութեան, ստեղծուած վիճակից լաւագոյն ելք գտնելու համար:

Այդ առումով կիսում եմ իրավիճակի կապակցութեամբ տարբեր հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւնների արտայայտած մտահոգութիւնները եւ ողջունում ՀՅԴ առաջարկութիւնը՝ ՀՀ նախագահի հովանու ներքոյ ստեղծել քաղաքական խորհրդակցութիւնների հարթակ, առկայ խնդիրներին համատեղ, համախոհութեան սկզբունքով լուծումներ գտնելու նպատակով:

Մինչ այդ կոչ եմ անում հանրային հաւաքի մասնակիցներին՝ ցուցարարներին եւ իրաւապահներին, հանդէս բերելու զսպուածութիւն եւ պատասխանատուութիւն:

Ուզում եմ եւս մէկ անգամ յիշեցնել, որ մեր երկրի անվտանգութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը բոլորիս համար պէտք է լինեն առաջնային ու անքննելի անհրաժեշտութիւն»,- նշած է նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment