Home ՍՓԻՒՌՔ «Գալուստ Կիւլպէնկեան » Հիմնարկութեան Նպաստը Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

«Գալուստ Կիւլպէնկեան » Հիմնարկութեան Նպաստը Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

by MassisPost

«Գալուստ Կիւլպէնկեան » հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 220 , 000 ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ 2017-2018 տարեշրջանին։ 2015 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Լիբանանի Հայեցի Դաստիարակութեան Յատուկ Նշանակութեան Յանձնախումբ»-ին նախաձեռնութեամբ իրագործուած ինքնագնահատումի ծրագրին մասնակցած 23 վարժարաններէն այսօր 17 հատը կը գործեն , ուստի ասոնց միջեւ պիտի բաժնուի նշանակուածգումարը , ըստ ամէն մէկուն աշակերտութեան թիւին։

Նկատի ունենալով Լիբանանի խորհրդարանին վերջերս վաւերացուցած օրէնքը՝ ըստ որուն բոլոր վարժարանները պէտք է կիրարկեն ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներ եւ գիտակցելով հայկական վարժարաններուն պարտաւորութիւնն ու դժուարութիւնըլիովի գործադրելու այս նոր օրէնքը , Հիմնարկութիւնը կը նախընտրէ իր նպաստը յատկացնել հայերէն լեզուով դասաւանդող ուսուցիչներու ամսականներուն հասանելի յաւելումին։
Գումարին փոխանցումը պիտի կատարուի Ապրիլ ամսուան ընթացքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment