Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին «Քայլ Արա՝ Մերժիր Սերժին» Կարգախօսով

Հայաստանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին «Քայլ Արա՝ Մերժիր Սերժին» Կարգախօսով

by MassisPost

«Քայլ արա՝ մեր­ժիր Սեր­ժին» կարգա­խօսով վեց օրէ ի վեր մե­ծամաս­նութեամբ երի­տասարդնե­րէ բաղ­կա­ցած բո­ղոքի ալի­քը կը շարունակուի Հայաստանի մէջ: ԱԺ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը բողոքի մասնակիցները կրկին համախմբելով Ֆրանսայի հրապարակի վրայ յայտարարած է. «Երեկուայ բեկումնային իրադարձութիւններից յետոյ, կարծում եմ, այլեւս ոչ մի բան մեզ չի կանգնեցնի, եւ մեր յաղթանակն անխուսափելի է»:

Ըստ Փաշինեանի,  իրենք պիտի շարունակեն շրջափակել կառավարական շէնքեր եւ քննարկման փուլի մէջ են  յեղափոխական կոմիտէի ստեղծման աշխատանքները:

«Ես կարծում եմ, որ դրա կազմում կը լինեն այն խումբերու ներկայացուցիչները, ովքեր անմիջական մասնակցութիւն են ունեցել գործընթացի կազմակերպման հարցում: Խօսքը 14+4 գործընթացի մասին է»,- ըսած է Ն. Փաշինեանը:

Նիկոլ Փաշինեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Սերժ Սարգսեանն այսօր էլ չի կարող չզգալ, որ իր իշխանութեանը վտանգ է սպառնում: Մենք համոզուած ենք, որ ի վիճակի ենք համբերատար, խաղաղ եւ անարիւն թաւշեայ յեղափոխութիւն իրականացնել»:

Մինչ Բաղրամեան պողոտայ տեղակայուած վարչապետի նստավայրի դիմաց մեծ թիւով ոստիկաններ կը հսկէին վահաններով:

Փաշինեան յայտնած է նաեւ, թէ իրենք տեղեկութիւններ ունէին, որ մեծ թիւով սադրիչներ ներդրած են ցուցարարներու շարքերու մէջ, որու նպատակն է սադրել եւ ցոյցի մասնակիցները ներգրաւել գործողութիւններու մէջ:

Մաշտոց–Թումանեան խաչմերուկի վրայ անցնող գիշերը խումբ մը քաղաքացիներ անկարգութիւններ իրականացուցած են` կոտրած են խաչմերուկի լուսացոյցները, տապալած ճանապարհային նշաններն ու ցուցանակները։ Յետոյ բախումներ տեղի ունեցած են ոստիկաններու ու տուեալ քաղաքացիներու միջեւ։

Անդրադառնալով այդ միջադէպին` ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ անկարգութիւն հրահրողները որեւէ կապ չունին  ցուցարարներու հետ։ Ան կատարուածը «հնդկական կինօ»  որակած է` նշելով, որ անոր կազմակերպիչները իշխանութիւններն են։

«Դրանով նախ կը վարկաբեկէին մեր շարժումը, երկրորդ՝ խաղաղ ցոյցերի նկատմամբ ուժ կիրառելու առիթ կ’ունենային: Դա էր պատճառը, որ մենք երէկ, ժամը 10-ին յայտարարեցինք հանրահաւաքի աւարտի մասին, բայց քանի որ այդ սադրիչների խումբերին հրահանգն արդէն տրուած էր, նրանք գործեցին ըստ իրենց ծրագիրին, բայց նպատակին չհասան»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը եւ աւելցուցած. «Սերժ Սարգսեան, դու այսուհետ Հայաստանը տեսնելու ես այս ոստիկանական ապակիների ետեւից:

Դիմելով ոստիկաններուն, ան նշած է. «Երեկուայ կինոն շատ արհեստական էր նկարուած, աշխատէք ռեժիսորների ու սցենարիստների վրայ»:

protests-6

Այնուհետեւ Ցուցարարները Փաշինեանի գլխաւորութեամբ շարունակած են իրենց երթը: «Իմ քայլը» նախաձեռնութեան անդամները Արշակունեաց–Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցներու խաչմերուկի նստացոյցէն ետք երթով հասած են Երեւանի քաղաքապետարան, շրջափակած են շէնքը: Ոստիկանները քաղաքապետարանէն դուրս ելլելով անմիջապէս փակած են մուտքը։ Իսկ ցուցարարները քալած են քաղաքապետարանի մէկ այլ մուտքի մօտ, որ նոյնպէս պատնէշներով փակած են: Այնուհետեւ ցուցարարները թմբուկներու ուղեկցութեամբ եւ ծափերով առաջացած են դէպի հրապարակ: Նոյնպէս Նախարարութիւններու շէնքէն ցուցարարները քալած են դէպի հրապարակ, ուր զանոնք դիմաւորած է Նիկոլ Փաշինեան:

Նիկոլ Փաշինեանը ցոյցի խաղաղ ընթացքի պահպանման համար բոլոր ջանք գործադրած է եւ նշած է. «Ուզում եմ նորից յիշեցնել, որ հաւաքի մասնակիցների շրջանում չպէտք է լինեն դիմակաւորուած անձինք, որեւէ մեքենայի, որեւէ գոյքի վնաս չպէտք է պատճառուի: Եթէ որեւէ մէկն այդպիսի գործողութիւն անի, ապա նրան պէտք է տեղում չէզոքացնել»:

protests-5
Ան նաեւ յորդորած է, որ յարգալից վերաբերմունք դրսեւորուի ոստիկաններու եւ նախարարութիւններու աշխատակիցներու նկատմամբ:

Նախարարութիւններու աշխատակիցներուն նոյնպէս Փաշինեանը կոչ ուղղած է, որպէսզի մասնակցին իրենց. «Նախարարութեան սիրելի աշխատակից, դուրս արի փողոց եւ տէր կանգնիր քո հայրենիքին, քո իրաւունքին, քո ազատութեանը»:

Նիկոլ Փաշինեանը նշած է նաեւ, թէ տեղեակ են, որ Գաւառի համալսարանի դռները փակած են, որպէսզի ուսանողներն ու դասախօսները դուրս չգան:

«Մենք կոչ ենք անում նրանց բացել դռներն ու դուրս գալ, Հայաստանի քաղաքացու առաջ ոչ մէկ չի կարող դուռ փակել»,- ասաց Փաշինեանը:

Նիկոլ Փաշինեանը ցուցարարներու հետ հասած է Տիգրան Մեծ պողոտայ եւ շարունակած մինչեւ  Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարան:

«Այսօր մենք եկանք ԵՊՀ, որի ռեկտորատի դռները առնուազն բաց են մեր առաջ: Ոչ մի սարսափելի բան տեղի չունեցաւ, մեր մի քանի տասնեակ կողմնակիցներ բացելով դռները եւ նաեւ զարմացած, ոգեւորուած ներս անցան, վանկարկեցին իրենց կոչերը եւ նոյն հանգստութեամբ դուրս եկան հրապարակ: Սա խորհրդանշական է, եւ մենք պատկերացնում ենք մեր եւ բուհերի յարաբերութիւններն այսպիսին: Այն օրն էլ Մանկավարժական համալսարանը չփակեց մեր առջեւ դռները եւ մենք ողջունում ենք այդ որոշումը»,- ըսած է Փաշինեանը:

Կիւմրիի մէջ եւս կատարուած է երթ, որու հետեւանքով ստեղծուած է լարուած վիճակ ցուցարարներու  եւ ոստիկաններու միջեւ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment