Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սերկէյ Լավրով Լաւատես է ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Հնարաւորութեան Առնչութեամբ

Սերկէյ Լավրով Լաւատես է ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Հնարաւորութեան Առնչութեամբ

by MassisPost

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է  տեսագրութիւն մը, որու մէջ Սերկէյ Լավրովը, պատասխանելով հայ լրագրողի այն հարցին, թէ արդեօք ան կը կիսէ տարածուած այն կարծիքը, որ 2011 թուականի Կազանեան գագաթնաժողովը կրնար բեկումնային ըլլալ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման համար եւ արդեօք կ’ակնկալէ բանակցութիւններու  առաջխաղացում: Լավրով ըսած է, որ իսկապէս սպասումները Կազանեան գագաթնաժողովէն մեծ էին, ռուսական կողմը միւս երկու համանախագահներու՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու համաձայնութեամբ պատրաստած էր փաստաթուղթ, որ կողմերը պէտք է ստորագրէին, սակայն վերջին պահուն նոր մեկնաբանութիւններ ու հարցեր  ծագած են եւ փաստաթուղթը չէ ստորագրուած: – «Այդպէս կը պատահի», – աւելցուցած է ան, նկատելով, որ այս ողբերգութիւն չէ եւ աշխատանքները կը շարունակուին:

Ըստ Լավրովի, կազանեան փաստաթուղթի մէջ տեղ գտած կէտերը այսօր ալ ընդունելի են կողմերու համար, թէեւ, ըստ Լավրովի, համանախագահները նաեւ նոր գաղափարներ առաջարկած են վերջին տարիներուն եւ նոր փաստաթուղթը նաեւ այդ գաղափարներու շուրջ պէտք է ձեւաւորուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment