Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Իտալիոյ Նախագահ Սերճիօ Մատարելլայի Հետ

Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Իտալիոյ Նախագահ Սերճիօ Մատարելլայի Հետ

by MassisPost

Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով Իտալիա գացած է եւ հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մատարելլայի հետ:

Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ նախագահ Մատարելլան ողջունած է հիւրը եւ մեծ պատիւ համարած Նախագահ Սարգսեանի հետ երեք տարի առաջ ունեցած իր վերջին հանդիպումէն յետոյ կրկին հիւրընկալել զինքը Հռոմի մէջ: Իտալիոյ նախագահը խորհրդանշական համարած է Սերժ Սարգսեանի կատարած այցը  Իտալիա, որ վերջին պաշտօնական այցն է, որպէս նախագահ: Սերճիօ Մատարելլան երախտագիտութիւն յայտնած է Նախագահին՝ իր ժամանակաշրջանին հայ-իտալական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման համար:

Նախագահ Սերճիօ Մատարելլան նշած է նաեւ, որ ուրախ է, որովհետեւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ իտալական ներդրումները զգալի ձեւով աճած են՝ այս պահին կազմելով շուրջ 200 միլիոն ԱՄՆ տոլար:

Իտալիոյ նախագահը մեծ ուրախութեամբ յայտնած է նաեւ, թէ մշակութային համագործակցութեան խորացում իրականացած է եւ Հայաստանի մէջ իտալական մշակոյթի ու իտալերէնի հանդէպ աճած է հետաքրքրութիւնը, որ իր գնահատմամբ, այս հայերու եւ իտալացիներու միջեւ առկայ փոխադարձ համակրանքին փաստն է:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութեան եւ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրման: Նախագահը շնորհաւորած եւ նշած է Հայաստանի առաջատար դերը, որպէս համագործակցութեան կամուրջ եւ վառ օրինակ, ուր Արեւելքը եւ Արեւմուտքը ոչ թէ կը հակադրուին, այլ՝ մէկ ամբողջութիւն կը դառնան:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ են նաեւ ԼՂ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Ընդգծելով, որ Հայաստանն կ’աջակցի 2018թ. ԵԱՀԿ-ի իտալական նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն՝ Սերժ Սարգսեանը կարեւորած է ԵԱՀԿ սկզբունքներուն համահունչ՝ Իտալիոյ հաւասարակշռուած մօտեցումը հիմնախնդիրի կարգաւորման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու ջանքերուն ու անոնց մօտեցումներուն:

Նախագահները Հայաստանի եւ Իտալիոյ բարեկամութեան եւս մէկ օրինակ  համարած են Լիբանանի մէջ միջազգային՝ հայ-իտալական համատեղ խաղաղապահ առաքելութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment