Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թոմաս Տէ Վաալ «Արդեօք Հայաստանի մէջ Իշխանափոխութիւնը Փոփոխութիւններո՞ւ կը Յանգեցնէ»

Թոմաս Տէ Վաալ «Արդեօք Հայաստանի մէջ Իշխանափոխութիւնը Փոփոխութիւններո՞ւ կը Յանգեցնէ»

by MassisPost

Բրիտանացի լրագրող, Քարնեգի հիմնադրամի վերլուծաբան Թոմաս տէ Վաալը իր յօդուածին մէջ գրած է, որ Հայաստանը իշխանափոխութեան փուլ կը մտնէ եւ այս որոշակի իմաստով փորձ է:

Վերլուծաբանը նշած է, որ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը անցեալին կը հերքէր, թէ ինք կ’ուզէ ստանձնել վարչապետի պաշտօնը, սակայն ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ ինք վարչապետ կը դառնայ:

«Սարգսեանը 2008էն իշխանութեան գլուխ անցած է, եւ դժբախտաբար, երկիրը չի կրնար ողջ ընթացքին նոր առաջնորդ ընտրել:

Այնուամենայնիւ, նոր դասաւորուածութիւնը եւ լիազօրութիւններու բաժանումը աւելի լաւ կը գործեն Հայաստանի համար, քան նախկինները: Անցեալ ամիս Հայաստան այցելելով, ես տեսայ, որ տրամադրութիւնները աւելի դրական են, քան ես կ’ակնկալէի», – գրած է ան:

Տէ Վաալը Սարգսեանը կ’անուանէ «խորաթափանց քաղաքական գործիչ, որ երկար խաղ կը խաղայ»:

«Չնայած, որ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ հիմնական գործընկերը, Հայաստանը պահպանած է Պրիւսելի հետ իր գործարքի բազմաթիւ քաղաքական երեւոյթներ եւ անցեալ տարի ԵՄ-ի հետ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին նոր համաձայնագիր ստորագրած է: Այն կը խոստանայ ԵՄ-ի աջակցութիւնը աւելի լաւ ներդրումային միջավայր ստեղծելու, քաղաքացիական հասարակութեան աջակցելու եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը ուժեղացնելու գործին մէջ»,- կ’եզրակացնէ վերլուծաբանը:

վերլուծաբանը գրած է. «Սերժ Սարգսեանը ստեղծած է գլուխկոտրուկի հատուածներ, որոնք կրնան Հայաստանը առաջ տանիլ: Բայց առանցքային հարց է՝ կը տանի՞ն արդեօք»:

«Եթէ այս դրական շրջադարձը հաստատուի, վարչապետ Սարգսեանը, իրօք, կը ցանկանայ աւելի լաւ գործող եւ բաց Հայաստան տեսնել, մենք պէտք է ուշադիր հետեւինք, թէ որոնք պիտի նշանակուին կառավարութեան առանցքային պաշտօններուն: Սարգսեանը կը մտածէ ելքի ռազմավարութեան մասին կամ պարզապէս ուրախ է անոր համար, ի՞նչ կայ»,- եզրափակած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment