Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւի Յայտարարութիւնները Հայաստանին կը Համոզէ՝ Չվերադարձնել ոչ Մէկ Տարածք.Ամերիկացի Փորձագէտ

Ալիեւի Յայտարարութիւնները Հայաստանին կը Համոզէ՝ Չվերադարձնել ոչ Մէկ Տարածք.Ամերիկացի Փորձագէտ

by MassisPost

Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն նուիրուած էր Ուաշինկթընի, Ռազմավարական եւ միջազգային հետազօտութիւններու անուանի կեդրոնի մէջ կատարուած քննարկումը: Մարտահրաւէրներէն կարեւորագոյնը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն է, եզրակացուցած են ամերիկեան փորձագէտները, կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:

Վուդրօ Վիլսոնի կեդրոնի վերլուծաբան Քենեթ Յալովիցի խօսքով, մինչեւ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորում Հայաստանն ու Ատրպէյճանը չեն կրնար իրագործել սեփական ներուժը. «Անընդհատ պատերազմի շեմին գտնուելու փաստը պատրուակ կը դառնայ ղեկավարներու համար՝ ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները չզարգացնելու համար»:

Վերլուծաբանի խօսքով, ինքը յոյս ունէր, որ քառօրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանը, իր իսկ խօսքով, «մեկ-երկու բլուր վերադարձնելէ յետոյ» կը վերականգնէ ինքնավստահութիւնն ու պատրաստ կ’ըլլայ իրական զիջումներու շուրջ բանակցելու: Հայաստանը սակայն, իր հերթին պէտք է զիջումներու պատրաստ ըլլայ, նշած է Յալովիցը. «Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ այդ տարածքներու վերաբերեալ դուք պէտք է որոշում կայացնէք՝ արդեօք ձեզի համար շա՞հ է այդ տարածքները պահել չնայած ամէն ինչի, թէ՝ ժամանակն է այդ տարածքներու փոխարէն Ատրպէյճանէն զիջումներ ստանալ»:

Անոր հակառակ սակայն, ապրիլեան պատերազմն ա’լ աւելի կողմերը հեռացուց իրարմէ, իսկ պաշտօնական Պաքուն յայտարարեց Երեւանը «վերադարձնելու» վերաբերեալ: յայտարարութիւն, որ փորձագէտները անհասկանալի կը  համարեն: Կարնեգիի հաստատութեան վերլուծաբան Փօլ Սթրոնսկին ըսած է. «Այդ շատ անառողջ յայտարարութիւն է Ատրպէյճանի նախագահի կողմէն: Կը կարծեմ, այն ներքին սպառման համար է, սակայն, այն Հայաստանին աւելի կը համոզէ որեւէ տարածքներ չվերադարձնել»:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման գործին Ռուսիոյ դերին, Սթրոնսկին նշած է, թէ չի հաւատար, որ Ռուսիան կրնայ յաջողութեան հասնիլ, եթէ փորձէ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրել տարածքներ զիջելու համար.

«Ռուսիան կարեւոր դեր կը խաղայ այստեղ, սակայն, ես չեմ հաւատար, որ բոլոր խաղաթուղթերը Ռուսիոյ ձեռքն են»:

Ժողովրդավարութեան ազգային հիմնադրամի ներկայացուցիչ Միրիամ Լանսկոյի կարծիքով, ապրիլեան պատերազմը ցոյց տուաւ հայ հասարակութեան, որ յոյսը պէտք է դնել միայն սեփական ուժերու վրայ, քանի որ Ռուսիայէն որեւէ աջակցութիւն պատերազմի պարագային պիտի չըլլայ:

«Հայաստանի մէջ մարդիկ կ’ակնկալեն, որ Ռուսիան աջակից ըլլայ Հայաստանին, աւելին կ’ընէ Հայաստանը պաշտպանելու համար», – նշած է Լանսկոյը:

Սակայն, երբ այդ տեղի չունեցաւ, Հայաստանի հասարակութիւնն ու իշխանութիւնները սկիզբը հիասթափութիւն ապրեցան, այնուհետեւ՝ փորձեցին աւելի ամրապնդել Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները, նշած է վերլուծաբանը:

Ռուսիան ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածաշրջանի մէջ պատերազմ չ’իրականացներ, սակայն, բոլորովին այլ հարց է, թէ որքանով Ռուսիոյ ձեռնտու է խնդիրի վերջնական խաղաղ կարգաւորումը, աւելացուցած է Քեն Յալովիցը: Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, ապա այն կրնայ դրական դեր խաղալ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ. «Հիմնական բանը, որ մենք կրնանք ընել, եւ հաւատացած եմ, ռուսերը նոյնպէս կրնան ընել, թոյլ չտալ պատերազմական գործողութիւններուն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment