Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վատիկանի մէջ Տեղի Ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Արձանի Բացման Արարողութիւնը

Վատիկանի մէջ Տեղի Ունեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Արձանի Բացման Արարողութիւնը

by MassisPost

«Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուած Աստուածաշնորհ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Վատիկանի մէջ՝ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ: Բացումը կատարած է Սուրբ Աթոռի Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեանը:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ շուրջ երկու մեթր բարձրութեամբ պրոնզէ արձանը ձուլուած է Չեխիայի մէջ, որու հեղինակն է Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցին, իսկ ճարտարապետը` Միքայէլ Հասրաթեան: Այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձած է Միքայէլ Մինասեանի եւ Ռուսիա բնակող  յայտնի գործարար Արթուր Ճանիբեկեանի բարերարութեամբ եւ Սուրբ Աթոռի Հայաստանի դեսպանութեան մշակոյթի բաժինի պատասխանատու Վարդան Կարապետեանի կազմակերպական ջանքերու շնորհիւ: Արձանը պատրաստուած է երկու օրինակէ. մէկը տեղադրուած է Վատիկան ի մէջ, իսկ երկրորդը պիտի տեղադրուի համայն հայութեան համար հոգեւոր կեդրոն հանդիսացող Էջմիածինի մէջ։

Vatican-Narek-5

Վատիկան ի պարտէզներու մէջ արձանի հանդիսաւոր բացումէն յետոյ տեղի ունեցած է տիեզերական արարողութիւն` Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի, Գարեգին երկրորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ Արամ առաջին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի մասնակցութեամբ:

Այնուհետեւ Սերժ Սարգսեանը այցելած է Սուրբ Աթոռի Հայաստանի դեսպանութիւն, ուր տեղի ունեցած է պարգեւատրման արարողութիւն:

Vatican-Narek-2

Նախագահի հրամանագիրներով՝ Դիւանագէտի օրուայ կապակցութեամբ դեսպան Միքայէլ Մինասեանը պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» երկրորդ աստիճանի շքանշանով՝ «Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար», Սուրբ Աթոռի Հայաստանի դեսպանութեան գրասենեակի վարիչ Մարիամ Երեմեանը պարգեւատրուած է «Երախտագիտութեան» շքանշանով՝ «բարեխիղճ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար», բարերար Սմբատ Կարապետեանը պարգեւատրուած է Մխիթար Հերացիի մետալով՝ «մարդասիրական եւ բարեգործական անխոնջ գործունէութեան համար», Իտալիոյ Սենատի Հայաստան-Իտալիա խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամ Ալտո տի Պիաճօն պարգեւատրուած է Մխիթար Գօշի մետալով՝ «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment