Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առթիւ, այս տարի եւս Լոս Անճելըսի մէջ տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ:
Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնաժողովը, որուն մաս կը կազմեն Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքի հիմնական հոգեւոր, քաղաքական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ մշակութային կազմակերպութիւնները կը յայտարարէ, որ Ապրիլի 24, 2018, կէսօրուայ ժամը 12-ին տեղի պիտի ունենայ «Արդարութիւն Համար Քայլարշաւ», սկսելով Pan Pacafic Park-էն եւ ուղղուելու դէպի Լոս Անճելըսի Թուրքական հիւպատոսարան:
100-ամեակի առթիւ կազմուած համագաղութային մեր մարմինի կոչերուն ընդառաջելով 160 հազար հայեր մասնակցեցան թրքական հիւպատոսարանի առջեւ տեղի ունեցած հաւաքին, բողոքելու Անգարայի ժխտողական քաղաքականութեան դէմ եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան իրենց խօսքը հասցնելու Ամերիկեան պետական շրջանակներուն եւ հասարակութեան:
Յաջորդող տարիներուն եւս մեր համայնքը նոյն թափով շարունակեց ներկայացնել իր պահանջները` յանուն արդարութեան եւ մարդակային իր իրաւունքներուն:
103-ամեակի առթիւ կոչուած ենք դարձեալ ցոյց տալու մեր հաւաքական ուժը եւ վերահաստատելու մեր վճռակամութիւնը: Տարիներու թաւալումը չեն կրնար մոռացութեան մատնել մեր նախահայրերուն դէմ գործուած ոճրագործութիւնը, մանաւանդ որ, մինչեւ օրս տարբեր երկիրներու մէջ ցեղասպանութեան կ’ենթարկուին այլ ժողովուրդներ եւս ազգային եւ կրօնական գետնի վրայ: Մեր պայքարը նաեւ ուղղուած է աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու ներկայիս գործադրուող անարդարութիւններուն ու ոճիրներուն նկատմամբ:
Մենք կոչ կ’ընենք մեր համայնքի բոլոր հատուածներուն միանալու մեզի` ոգեկոչելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը եւ բարձրաձայնելու մեր հաւաքական խօսքն ու միջազգային ատեաններուն ներկայացնելու մեր պահանջքները:
Ապրիլի 24-ը պատմական օր է ու պիտի շարունակէ մնալ այդպիսին, մինչեւ որ վերականգնին մեր սուրբ նահատակներու իրաւունքները ու յաղթանակէ արդարութիւնը:
Եկէք միասին ցոյց տանք մեր հաւաքական ուժը:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմ
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային Առաջնորդարան
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Հայ Օգնութեան Միութիւն
ՀՄԸՄ Արեւմտեան ԱՄՆ Շրջան
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Համահայկական Ուսանողական Ընկերակցութիւն
Ամերիկայի Հայկական Համագումարը
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հայ Ամերիկեան Խորհուրդ
Հայ Իրաւաբաններու Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայկական Խորհուրդ
Հանրային Դպրոցներու Հայ Ուսանողներու Յանձնախումբ
Հայ Իրաւաբան Ուսանողներու Ազգային Ընկերակցութիւն
Open Wounds