Մայիս 1-ի առթիւ ՍԴՀԿ-ն հանրահաւաք-երթ պիտի կազմակերպեն Շառլ Ազնավուրի անուան հրապարակի վրայ, որու ընթացքին պիտի անդրադառնան երկրի մէջ առկայ ընկերային կարեւորագոյն հիմնախնդիրներուն: Այդ մասին Ապրիլ 3-ին հրաւիրած մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտնած է ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան անդամ Նարեկ Գալստեանը:
«Հիմնականում խօսուելու է պանքային համաներման մասին, որը որպէս առաջարկ-պահանջ ներկայացուելու է, խօսուելու է աշխատաւորների իրաւունքների, շքեղութեան հարկի անհրաժեշտութեան մասին: Անդրադառնալու ենք բիզնեսի սոցիալական պատասխանատուութեան օրէնքով կիրառմանը, օրինակ` Քաջարանի պղնձամոլիբդենային կոմբինատը Հայաստանի թիւ մէկ հարկատուներից է համարւում, սակայն տեսնում ենք, որ զրկուած է Քաջարանը ասֆալտից, սա օրինակ է, որը ցոյց է տալիս, որ բիզնեսը չունի պատասխնատուութիւն այն միջավայրի նկատմամբ, որտեղից սնւում է»,-ըսաւ ան։
Ինչ կը վերաբերի ներկայիս քննարկուող վարչապետի թեկնածութեան, ան նշեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը, երբ կողմ քուէարկեց խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցման, շատ լաւ կը հասկանար վտանգը եւ պարզ է, որ այսօր ՀՀԿ-ն պիտի ձեւաւորուի որպէս կառավարութիւն:
Նարեկ Գալստեանը կը կարծէ, որ չեն յաջողիր այն քաղաքական ուժերը, որոնք կ’ըսեն, թէ պիտի ձախողի վերարտադրութիւնը, քանի որ այսօր այնպիսի իրավիճակ չէ, որ կարելի ըլլայ փողոցէն արգիլել այդ վերարտադրութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի «Իմ քայլը» նախաձեռնութեանը, Նարեկ Գալստեանը վստահութիւն յայտնեց, որ ան արդիւնք չի տար:
Ըստ անոր` այսօր չկայ այլընտրանքային գաղափարներու առաջարկ եւ իրենք կ’առաջարկեն գաղափարներ, իսկ բացի իրենցմէ ոչ մէկ այլընտրանք չի ներկայացներ: «Պրոցեսը յանուն պրոցեսի, կարծում եմ, օդ կրակուած փամփուշտ է»,- ըսած է ան եւ երեսպաշտութիւն համարեց յաջողութեան մասին խօսիլը, քանի որ ակնյայտ է, որ պիտի չիրականացուի:
Ան ըսած է, որ իրենք վերջերս եօթ հարիւր հոգիով հանրահաւաք կազմակերպեցին եւ եթէ լաւ աշխատին, 1 մայիսին բազմաթիւ մարդիկ կու գան: