Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Էտմոն Մարուքեանի Յօդուածը Չի Նշանակեր, Թէ Ան Ներկայ Պիտի Չըլլայ Ազատութեան Հրապարակի Վրայ

Էտմոն Մարուքեանի Յօդուածը Չի Նշանակեր, Թէ Ան Ներկայ Պիտի Չըլլայ Ազատութեան Հրապարակի Վրայ

by MassisPost

«Իմ քայլը» երթով, ՔՊ անդամներու եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միասին  Սպիտակէն կը յառաջանան Վանաձոր։ Ճանապարհին պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն Փաշինեանը ընդգծած է՝ իրենց արշաւը ուղղուած է մարդոց դուրս հանելու յուսահատութենէն եւ պայքարելու Սերժ Սարգսեանի վարչապետ ընտրուելու դէմ։

«Եթէ Ազատութեան հրապարակում քաղաքական պրոցեսներ ընթանան, «Ելք» դաշինքի մնացած անդամները այդ քաղաքական պայքարին կը միանան եւ կ”աջակցեն։ Ես յոյս ունեմ, որ Էտմոն Մարուքեանի այսօրուայ յօդուածը հրաժարում չէ այդ տեսակէտից եւ դիրքորոշումից»,- ըսած է Փաշինեանը։

Փաշինեանը նաեւ մանրամասնած է, որ 13 ապրիլին  կը շարժին  Ազատութեան հրապարակ։ Գուցէ մարդիկ Երեւանի մատոյցներուն կը միանան իրենց։

Ըստ անոր՝ եթէ արդիւնքը պիտի ըլլայ 0, ապա այդ պէտք է ուրախացնէ Էտուարտ Շարմազանովը, սակայն ինքը վերջինիս ուրախ չի տեսներ։  Անդրադառնալով «Ելք» դաշինքի մէջ երեք կուսակցութիւններու անհամաձայնութեան՝ Փաշինեանը ընդգծած է.

«Մեր հիմնական խնդիրն է համաձայնութիւն ունենալ քաղաքացիների հետ, իսկ գործընկերների հետ համաձայնութիւն ձեռք բերել կը ստացուի»։

Փաշինեան նշած է նաեւ, որ եթէ մեծ չափով ժողովուրդ հաւաքուի Ազատութեան հրապարակի վրայ եւ կանխուի Սերժ Սարգսեանի առաջադրումը, ապա պէտք է տեղի ունենայ վարչապետի ընտրութիւններու երկրորդ փուլ, այդ ընթացքին բոլորը՝ ինչպէս նաեւ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, ընտրութեան առջեւ կը կանգնի՝ կամ ընտրել որեւէ վարչապետ, կամ տեղի կ’ունենայ օրէնքի ուժով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment