Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ապրիլեան Պատերազմը Բանակի Համար Մեծ Դաս Էր. Զօր.Մովսէս Յակոբեան

Ապրիլեան Պատերազմը Բանակի Համար Մեծ Դաս Էր. Զօր.Մովսէս Յակոբեան

by MassisPost

Ապրիլեան պատերազմը բանակի համար մեծ դաս էր, մեծ փորձառութիւն էր: Ցանկացած իրավիճակ, որ կը ստեղծուի Զինուած ուժերու մէջ, կը վերլուծուի եւ համապատասխան դասեր կը ստանան, միջոցառումներ կը ձեռնարկուին, որ բանակի մարտունակութիւնը առաւել եւս բարձրանայ։

«Եռաբլուր»ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Մովսէս Յակոբեանը։

«Այսօր երկու տարուայ ընթացքում բաւականին մեծ աշխատանք է կատարուել, եւ այն խնդիրները, որոնք կային Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ, բոլորի վերաբերեալ համապատասխան միջոցներ են ձեռնարկուել: Հակառակորդն այդպիսի ռազմական գործողութիւն այլեւս ի վիճակի չէ իրականացնել, բայց դա չի նշանակում, որ դա բաւարար է: Պատերազմն այնպիսի երեւոյթ է, որ հակառակորդն անընդհատ նոր ձեւեր ու մեթոտներ է փնտռում գերակայութիւն ձեռք բերելու համար, եւ մենք աշխատանքներ իրականացնում ենք այդ ուղղութեամբ»,- ըսած է Մովսէս Յակոբեանը:

Այն հարցին, թէ ե՞րբ ետ կը վերցնենք Լելէ Թեփէ բարձունքը, Մովսէս Յակոբեանը ըսած է, որ երբ անոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ:

Դիտարկման, շատ խօսուած է ե’ւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան,  ե’ւ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի կողմէն, որ Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ կորսնցուցած տարածքները կարեւոր չեն, ռազմական նշանակութիւն չեն ունեցած, գուցէ ելլելով անկէ՞ այդ բարձունքը ետ բերելու մասին չեն ալ մտածեր, Մովսէս Յակոբեանը ըսած է. «Հայրենիքը ՀՀԿ-ինը չէ, հայրենիքը հայ ժողովրդինն է, եւ հայ ժողովուրդն է որոշելու»:

Յայտնած են նաեւ, որ հայ ժողովուրդը այդ տարածքը չէ համարած անկարեւոր, այլ ՀՀԿ-ն, Յակոբեանը ըսած է. «Դուք եղել էք այդ տարածքո՞ւմ եւ որոշել, որ ռազմավարական նշանակութի՞ւն ունի, ի հարկէ ոչ»:

Լրագրողներու հարցին, թէ որքան ոչ ռազմավարական նշանակութեան տարածքներ կան, որոնք կարելի է դիւրութեամբ զիջիլ, Մովսէս Յակոբեանը պատասխանած է. «Դա ձեր գնահատման առարկան չէ, եւ նպատակայարմար չեմ գտնում ձեզ գնահատական տալ, թէ որն տարածքն է ռազմավարական, որը՝ ոչ»:

Այն հարցին, թէ ի՞նչ դասեր քաղած են Ապրիլեան պատերազմէն, երբ տակաւին թալանը կը շարունակուի՝ բանակին տուֆ ու լուացքի մեքենայ կ’ուղարկեն, Մովսէս Յակոբեանը ըսած է. «Բանակը որեւէ բանի կարիք չունի, բանակն ապահովուած է ամէն բանով, եթէ մեր քաղաքացին ցանկանում է որեւէ բանով օգնել բանակին, ապա դա քաղաքացու կամքն է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment