Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Շարմազանով. Որեւէ Մէկը Իրաւունք Չունի Խոչընդոտել Մեր Սահմանադրական Իրաւունքը

Շարմազանով. Որեւէ Մէկը Իրաւունք Չունի Խոչընդոտել Մեր Սահմանադրական Իրաւունքը

by MassisPost

Վարչապետութեան հետ կապուած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) տակաւին էական պաշտօնական քննարկում չէ ծաւալած, ինչպէս յայտնած է ՀՀԿ Գործադիր մարմինի նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ՀՀԿ խօսնակ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էտուարտ Շարմազանովը։

«Երբ գայ քննարկումը, մենք կ’իրականացնենք այդ քննարկումը եւ կը յայտարարենք մեր որոշման մասին», – ըսած է Շարմազանովը։

Ապրիլ 9-ին Սերժ Սարգսյանը նորընտիր նախագահ Արմէն Սարգսեանին պիտի յանձնէ նախագահական բոլոր լիազօրութիւնները եւ պարտականութիւնները՝ ԱԺ յատուկ նիստով։ Նոյն օրը կառավարութիւնը հրաժարական պիտի տայ եւ մէկ շաբաթուան ընթացքին արդէն խմբակցութիւնները պիտի առաջադրեն վարչապետի իրենց թեկնածուն։

«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը կը պնդէ՝ միանշանակ է, որ Սերժ Սարգսեանը պիտի փորձէ վերարտադրուիլ արդէն վարչապետի պաշտօնին։

«Ազատութեան» խնդրանքով արձագանգելով Փաշինեանի այս յայտարարութեան՝ Շարմազանովը ըսած է. – «Որեւէ մէկն իրաւունք չունի, որպէս Ազգային ժողովի պատգամաւոր, խոչընդոտել մեր սահմանադրական իրաւունքը, քուէարկել եւ իրականացնել մեր ազատ պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը խորհրդարանում քուէարկելու համար, սա մէկ, երկրորդը՝ ես հարցով հարց եմ ուղղում Ձեր նշած բանախօսին [Նիկոլ Փաշինեանին]՝ եթէ «Ելք» խմբակցութիւնն, օրինակ, ունենար մեծամասնութիւն, որեւէ մէկը որ փորձէր սահմանափակել նրա քուէարկելու իրաւունքը, կամ որոշելու իրաւունքը՝ ով լինի վարչապետ, իրենք ինչպէ՞ս կը նայէին։ Մեր ժողովուրդը ձայն է տուել, եւ մենք՝ օգտուելով Հայաստանի Հանրապետութիւնում եւ առհասարակ մեր միակ պատուիրատուից, իսկ մեր պատուիրատուն Հայաստանի քաղաքացին է, քաղաքական պատուէրից, մենք կ’իրականացնենք այդ որոշումը, իսկ մնացածն արդէն իրաւապահների խնդիրն է»։

Շարմազանովը աւելցուցած է նաեւ, որ հակասահմանադրական եւ հակաօրինական գործողութիւնները թէ՛ ընդդիմութեան, թէ՛ իշխանութեան կողմէն, անընդունելի են։

Այն հարցին, որ նոյնիսկ եթէ բազմահազար մարդի՞կ դուրս գան փողոց, ՀՀԿ խօսնակը պատասխանած է.- «Այո՛, այո՛, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Նովգորոդի վէճն չէ՝ ով բարձր գոռայ, նա որոշի։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ինչպէս ցանկացած ժողովրդավարական երկիր, որոշում է ընտրութիւններով, եւ կայ Սահմանադրութիւն։ Ժողովրդավարութեան հիմնական չափորոշիչը դա օրինականութիւնն է, չի կարելի մինչեւ ժամը մէկը լինել օրէնքի պաշտպան, կամ աշխատանքային օրերին լինել      համակարգուած  ընդդիմութիւն, լինել Ազգային ժողովի խորհրդի անդամ, ներկայացնել հարցապնդումներ, օգտուել սահմանադրութեամբ ընդդիմութեանը տրուած լիազօրութիւններից եւ իրաւունքներից եւ մերժել սահմանադրութեամբ մեծամասնութեանը տրուած լիազօրութիւնները»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment