Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մեր Կեանքերու Համար» Քայլարշաւը

«Մեր Կեանքերու Համար» Քայլարշաւը

by MassisPost

Փետրուար 14-ին, Ֆլորիտայի Փարքլէնտ քաղաքի երկրորդական վարժարանէն ներս կատարուեցաւ դպրոցական հերթական սպանդը: Նախկին ուսանողներէն մէկը, կիսա-ինքնագործ հրացանով մուտք գործելով դպրոց, սպաննեց 17 ուսանողներ: Այս դէպքը կու գար միանալու անցնող  տարիներուն տեղի ունեցած դպրոցական սպանութիւններու  երկար շարքին: Սակայն, այս վերջին սպանդը ծնունդ տուաւ  ուսանողական հսկայ շարժումի մը, որ իսկապէս անակնկալի բերաւ երկրի քաղաքական ղեկավարութիւնը: Կը կարծուէր թէ, նախորդներուն  նման այս իրադարձութիւնը եւս կարճ ժամանակ  ետք մոռացութեան պիտի մատնուի ու շարժումը մարի, սպասելով նմանատիպ յաջորդ սպանդին, որ դարձած է Ամերիկեան կեանքի ամենէն խոցելի կողմերէն մէկը:

Ուսանողական  շարժումը քառասուն օրուայ  մէջ կարողացաւ` ընկերային ցանցերու միջոցաւ  զօրաշարժի ենթարկել ամբողջ Միացեալ Նահանգներու երիտասարդութիւնը եւ անցեալ Շաբաթ օրը` Մարտ 24-ին, կէս միլիոնի հասնող Ամերիկացիներ հաւաքուեցան մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, մասնակցելու համար «Մեր կեանքերու համար» քայլարշաւին: Նոյն օրը աշխարհի 800 քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան զօրակցական ցոյցեր` միլիոնաւորներու մասնակցութեամբ:

Քայլարշաւին  յաջորդած հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցան  բացառապէս երիտասարդներ, որոնք կը պահանջէին  Գոնկրէսի անդամներէն եւ Սպիտակ  Տունէն  նոր օրէնքներ մշակելով  սահմանափակել զէնքերու ազատ վաճառքը յատկապէս երիտասարդ տարիք ունեցողներուն:

Այս շարժումի կազմակերպիչներու յատկանիշներէն մին այն է, որ անոնք կը խոստանան չբաւարարուիլ միայն  բողոքի արտայայտութիւններով եւ վճռած են իրենց ձեռք ձգած հարթակը վերածել քաղաքական բազուկի` Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Գոնկրէսի ընտրութիւններուն պայքարելով այն բոլոր թեկնածուներուն  դէմ, որոնք միլիոնաւոր տոլարներու ընտրարշաւի նպաստներ  ստանալով զէնք արտադրող ընկերութիւններու լոպպիստական կազմակերպութենէն` NRA-էն, իրենց լռութեամբ եւ անգործութեամբ  վաճառքի հանած են քաղաքացիներու կեանքը:

Ամերիկայի մէջ, ոչ մէկ  քաղաք եւ ոչ մէկ  դպրոց ապահովագրուած է նման  սպանդներէն: Այս շարժումը պէտք է խրախուսէ նաեւ Ամերիկահայ ուսանողութիւնը, որպէսզի անոնք եւս մասնակից դառնան քաղաքական կարեւոր այս գործընթացին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment