Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Փասատինայի Գաղութային Մարմնի Միասնութեան Տպաւորիչ Համերգը

Փասատինայի Գաղութային Մարմնի Միասնութեան Տպաւորիչ Համերգը

by MassisPost

Վերջերս Փասատինա Քաղաքին մէջ սկսաւ առաւել եւս ուշագրաւ դառնալ մարզա-մշակութային կեանքը:

Այդպիսիներէն էր անցեալ Կիրակի Մարտի 25ին «Նուր » սրահին մէջ տեղի ունեցած համերգը: Ներկայ էին Փասատինայի քաղաքապետ Թերրի Թօրնիգը, ինչպէս նաեւ շրջանի կրօնական եւ քաղաքական ու մշակութային տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: Սոյն միջոցառումը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան, հրեաներու ողջակիզումի եւ ստրկութեան զոհերու յիշատակին: Առանձնապէս յիշատակուած էր նաեւ Քրիստիան Շահնազարեանի անունը:

Ձեռնարկի հանդիսավար կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Նաթ Նեհտարը, իր ելոյթին մէջ ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան, ողջակիզման եւ աշխարիհ տարբեր շրջաններու մէջ գերութեան եւ ստրկութեան զոհերու յիշատակը եւ մաղթեց որ նման երեւոյթներու առջեւ չի գտնուի համայն մարդկութնը, որպէս զի ազգերն  ապրին խաղաղ ու համերաշխ կեանք մը իրենց բնակավայրերու մէջ: Այլ խօսքով համատարած խաղաղութիւն բովանդակ աշխարհ:

Այս առթիւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութային եւ համաշխարհային ճանաչում  ունեցող տաղանդաւոր եւ շնորհալի արուեստագէտներ Վաչէ Մանկրեան, Եին Եին Հուսանկ եւ Ալան Չափման (դաշնակ), Ալիսոն Գրաուֆորտ, Կարէն Պէնժամին եւ Արփի Այնթապլեան (սոփրանօ), Լինկ Եան (թաւ ջութակ) եւ Ճօնաթան Ուէյ (ջութակ): Տպաւորիչ ելոյթով մը հանդէս եկաւ նմանապէս Մկրտչական Եկեղեցւոյ տարեցներու երգչախումբը: Բոլորը միասին կարելի է ըսել համադրուած գեղարուեստական բարձրորակ կատարումներու հիասքանչ ծաղկեփունջ մըն էր, որով ներկաներուն մօտ ակներեւ էր երաժշտականութեամբ յագեցուած ներքին անբացատրելի գոհունակութիւն մը…: Իսկ այս բոլորի արտաբերումն էր այն երկարատեւ ծափահարութիւնները, որոնք կը յաջորդէին իւրաքանչիւր կատարումին:

Ցերեկոյթի դափնեպսակը հանդիսացաւ օրուան իմաստը խորհրդանշող մոմավառութիւնը: Արդարեւ բեմ հրաւիրուեցան կրօնական տարբեր հաւաքականութիւններ ներկայացնող չորս հոգեւորականներ Արժ. Տ. Սարգիս Քհնյ. Բեթոյեան, հովիւ Լարի Գամպէլ, ռաբբի Ռութ Հարիս եւ շէյխ Մուհամմէտ Ագպար Խան: Անոնցմէ իւրաքանչիւրն իր լեզուով եւ արարողակարգով շատ հակիրճ մաղթանք մը կատարեց ի նշան խաղաղութեան եւ բարգաւաճման£ Մինչ այդ երրեակ նուագողներու «ՅԻշատակութիւն»ի կատարումով (schindler’s List)  ներկաները յոտնկայս իրար ձեռք բռնած, հետեւեցան չորս մոմերու լուսավառման տպաւորիչ արարողութեան« որպէս խորհրդանիշ միասնութեան եւ ազգամիջեան խաղաղութեան

Գնահատելի ձեռնարկ մըն էր, որմէ ներկաները բաժնուեցան գեղարուեստական յագեցուածութեամբ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով ազգերու միասնութեան եւ խաղաղութեան արդար դատին ի նպաստ:

Կը շնորհաւորենք սոյն գովելի միջոցառումը կազմակերպղները, մասնաւորբար գործադրողները (producers)  Վահէ Աջապահեանն ու Նաթ Նեհտարը:

Գ. Մ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment