Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ ՀԲԸՄ «Սաթամեան» Թատերախումբը Միշտ Պատնէշի Վրայ

ՀԲԸՄ «Սաթամեան» Թատերախումբը Միշտ Պատնէշի Վրայ

by MassisPost

ՏՕՔԹ. Ա. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Սփիւռքահայ ինքնութեան պահպանման դժուարին պայմաններու տակ, արդի հայ նոր սերունդներու ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարը իր հիմնական առաքելութեան առանցքը դարձուցած, նախապէս ՀԲԸՄ «Արտաւազդ»  եւ ներկայիս ՀԲԸՄ «Սաթամեան» անունը կրող  թատերախումբը, այսօր, մօտ չորս տասնամեակներէ ի վեր, գնահատելիօրէն կը ծառայէ մեր  հայ թատրոնին եւ հայապահպանութեան սրբազան գուպարին:

Հայանպաստ Իր այս առաքելութեան հետամուտ, Սաթամեան թատերախումբը, այս տարի եւս, նախաձեռնած է հայ թատերասէր հասարակութեան «Երկու կնիկ մէկ էրիկ» երգիծական թատերախաղով ծանօթ` Րէյ Գունիի համանուն թատերախաղի երկրորդ մասի բեմադրութիւնը, որուն ներկայ գտնուելու հաճելի առիթը ունեցայ ընթացիկ տարուան Կիրակի Մարտ 18-ին, ՚Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Կեդրոնէն ներս:

Իր շեշտուած  երգիծական բովանդակութեամբ զուարճացուցիչ ներկայացում մը իրօք:  ներկայ հանդիսատես թատերասէրները, բեմադրութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին բեւեռացուած երգիծական տեսարաններով` հազիւ թէ կը կարողանային զսպել իրենց  պոռթկացող  խնդուքը, ինչպէս տեսնուած էր  համանուն թատերախաղի առաջին մասի ներկայացման պարագային, 2003 թուականին:

satamian-3

Երգիծագրի նիւթը կեանքէ վերցուած սովորական պատմողութիւնն էր, պատահաբար համացանցի միջոցաւ  իրարու համակրած  Սեւակի եւ Շուշիկի պատմութենէն,  որոնց միացման խստօրէն կը հակառակէր, անգամ կ’արգիլէր, Շուշիկի հայրը`  Հայկազ, որ իր անհաւատարմութեան պատճառաւ, նաեւ Սեւակին հայրը ըլլալու խնդրայարոյց տառապանքը կը քայքայէր իր ջղային հաւասարակշռութիւնը…:

Գործող դերակատարները լաւապէս եւ հարազատօրէն  մեկնաբանեցին իրենց ստանձնած դերերը, երգիծանքը զօրացուցին,  միշտ խանդավառ պահեցին ներկայ հանդիսատեսները եւ արժանացան անոնց գնահատութեան:

17 տարեկան Սեւակի եւ 16 տարեկան Շուշիկի դերերով  Փիթըր Նշան եւ Ալիսըն Քէշիշեան, հարազատօրէն մարմնաւորեցին իրենց վաղ երիտասարդական ըմբոստ նկարագրի գիծերը: Շուշիկ կը մերժէր իր հօր պատուէրները եւ ի հեճուկս անոր կամքին, տեսութեան պիտի երթար  Նշանին հետ, գաւաթ մը սուրճի շուրջ` տեսնելու համար, թէ ինչպէս  կրնայ պատահիլ, որ իրենց հայրերը, երկուքով, կրնան ունենալ միեւնոյն  անունը, մականունը, տարիքը եւ գործի ասպարէզը:

Իր համարձակ շարժուձեւերով, նիստ ու կացով եւ մշտական ժպիտով, Արփի Սամուէլեան` վարժ դերասանուհիի մը տպաւորիչ դերին մէջ կը գտնուէր, Սեւակի մօր Թամարի դերով:

Շուշիկի մօր եւ Հայկազի կնկան` Արփիկի  դերին մէջ, Նարինէ Աւագեան իր ուրոյն դերակատարութեամբ, արդէն իսկ ցոյց  կու տար ընդունելի դերասանուհիի գնահատելի շնորհները: Ան իր դէմքի մեկնաբանութիւններու  թափաւոր ծամածռութիւններով, աչքերու իմաստալից պրկումներով, երթեւեկումներով եւ ձայնային նուրբ նշմարներով` գնահատանքի արժանի  խաղարկութիւն մը ունեցաւ բեմայարդակի վրայ:

satamian-2

Շուշիկի հօր եւ  Արփիկի ամուսինի` Հայկազի  կերպարով, Ռուբէն Հարմանտայեան լաւապէս մարմնաւորեց խստաբարոյ, այլապէս մեղաւոր հօր մը պնդաճակատութիւնը եւ անհաւատարմութեամբ, յանցաւոր ամուսինի մը խայտառակ հոգեվիճակը: Ան կրցաւ   ինքզինք քօղարկելու համար ունենալ ծիծաղելի չափազանցեալ շարժուձեւեր, աշխատելով  կնճռոտ կացութիւններէն դուրս գալ:

Պէտք է շեշտել, որ ՚Երկու կնիկ մէկ էրիկ» երգիծական թատերախաղի մէջ, ՀԲԸՄ «Սաթամեան» Թատերախումբի մեր շնորհալի երիտասարդ ուժերու շարքին, Արամ Մուրաղեան կրկնակի յայտնութիւն մը  եղաւ իբրեւ ինքզինք գերազանցող դերասան  մը:  Արամ Մուրաղեան, Ռուբէն Հարմանտայեանը եւ բեմադրութեան աւարտին մօտ` իր հօր Պապիկի դերով ծանօթ դերակատար Գէորգ Քէօշկէրեանը իր կողքին` առաջադէմ տիպարներէն մին հանդիսացաւ բեմադրութեան մէջ, որու  լրիւ տեւողութեան ընթացքին, սահուն, հարազատ եւ իւրայատուկ  խաղարկութիւն մը  ցուցաբերելով, արժանացաւ ներկայ հանդիսատեսներու գնահատութեան:

Մեր անմնացորդ գնահատանքի խօսքը կ‘երթայ նաեւ բեմավար Ռիթա Թոխմաճեանին, բեմահարթակի շինութիւնը եւ կահաւորումը  յղացող տաղանդաւոր  Մանուկ Սաթամեանին, երաժշտութեան եւ լոյսի դասաւորման տէր` Վիգէն Պալապանեանին եւ գործակիցներ  Լիւսի Պալապանեանին ու Ռիթա Դալար Պետրոսեանին:

Անտարակոյս, տաղանդաշատ բեմադրիչ եւ դերասանապետ Գրիգոր Սաթամեանի  մասնագիտական  ներդրումը ակնբախ էր: Գնահատելի էր անոր «Երկու կնիկ մէկ էրիկ» երգիծական թատերախաղի անգլերէն բնագրի հայերէնի յաջող  թարգմանութիւնը: Նկատարելի էր թատերգութեան` հայ կեանքին պատշաճեցումը, նոր ու վաստակաւոր դերակատարներու ընտրութիւնը, եւ անոնց վարժ ու յաջող բեմադրութիւնը, որոնց համար պիտի արժէր կրկնակի շնորհաւորել զինք այն իրողութեամբ, որ  իրմով ՀԲԸՄ «Սաթամեան» թատերախումբը միշտ կը մնայ պատնէշի  վրայ:

Հարակից Նյութեր

1 comment

VOSSKY VOSKIAN 03/30/2018 - 9:43 AM

«« ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ »» ԿԷՍ ԴԱՐԷ ԻՎԵՐ 4Օ ՏԱՐԻԷ ՎԵՐ
ԵՂԱԾ Է ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՎ ՄԻՇՏ ՈՒ ՄԻՇՏ
ԲԵՄԻ ՎՐԱ ԲԵՄԻ ԿՈՂՔԸ ԴԵՐԱՍԱՆԻ ՀԵՏ
ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՎ ԼՈՍ ԱՆՋԸԼԸՍ
ԱՌՈՂՋՒԹԻՒՆ ԵՎ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔԵԶԻ
——— ԳՐԻԳՈՐ ՍԱԹԱՄԵԱՆ

Reply

Leave a Comment