ԼՂ Ղազանչի վայրին մէջ հակահրասայլային ականի պայթումի հետեւանքով զոհուող աշխատակիցներու անունները հրապարակած է «HALO Trust» կազմակերպութիւնը: Զոհուողներու անուններն են՝ Պավել Ակոպով, Սամսոն Ավանէսեան եւ Մարատ Պետրոսեան:
Կազմակերպութիւնը յայտնած է, որ պայթիւնի հետեւանքով երկու վիրաւորներ ներկայիս Ստեփանակերտի հիւանդանոցը կը գտնուին, «HALO Trust»-ը կապ հաստատած է անոնց ընտանիքներուն հետ: «Մենք սերտօրէն կը համագործակցինք տեղի ոստիկանութեան եւ իշխանութիւններու հետ եւ կոչ ըրած ենք քննիչներուն, որպէսզի զեկուցեն միջադէպի բոլոր փաստերու մասին»,- ըսուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ: Ըստ «HALO Trust»-ի, մահացողները եւ վիրաւորները ԼՂ բնակիչներ են:
Միջադէպի առընչութեամբ խօսած է «HALO Trust»-ի գործադիր տնօրէն Ճէյմս Քոուանը. «Ամէն օր աշխարհով մէկ HALO-ի աւելի քան 8000 աշխատակից աշխատանքի համար կ’երթայ այնպիսի վայրեր, ուր անոնցմէ բացի, ոչ ոք կրնայ քալել, եւ այս ողբերգական միջադէպը ի ցոյց դրաւ, թէ անոնք ինչ վտանգներու կ’ենթարկուին, ինչպէս նաեւ կ’ընդգծուի այդ աշխատանքի կարեւորութիւնը: Մեր գործընկերները մահացած են Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի համար տարածքը աւելի ապահով դարձնելու աշխատանքի ժամանակ»: