Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանը Անձամբ Հրահանգած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Պերլինի Մէջ Ցոյցեր Կազմակերպել

Էրտողանը Անձամբ Հրահանգած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Դէմ Պերլինի Մէջ Ցոյցեր Կազմակերպել

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ  Էրտողան անձամբ հրահանգած է, որ Գերմանիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուին` 2016 թուականի Յուլիսին Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող  բանաձեւի ընդունման դէմ, գրած է գերմանական Der Spiegel-ը:

Գերմանիոյ ոստիկանութեան կողմէն ձայնագրուած է Էրտողանի Յուլիս 1-ին կատարած հեռաձայնային զրոյցը (Պունտեստակի մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումէն մէկ օր առաջ) Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւոր Մեթին Քիւլունքի հետ: Վերջինս այդ շրջանին Պերլին էր եւ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպէր:

Der Spiegel-ը հրապարակած է Հեսսեն երկրամասի ոստիկանութեան ձայնագրած հեռախօսային զրոյցներէն մէկու սղագրութիւնը, որ ենթադրել կու տայ, թէ Էրտողանը անձամբ ղեկավարած է բողոքի ցոյցերը:

Հեսսենի ոստիկանութիւնը լսած է, թէ ինչպէս Յուլիս 1-ին , 23:30-ին Էրտողանը կապ հաստատած է Քիւլունքի հետ: «Ինչպէ՞ս էք, պարոն նախագահ»,- հարցուցած է պատգամաւորը: Այնուհետեւ զեկուցած է Պերլինի մէջ քննարկուող բանաձեւի դէմ բողոքի ցոյցերու մասին՝ աւելցնելով. «Կը սպասեմ ձեր հրահանգները»: Ի պատասխան Էրտողանը ըսած է, որ կապի մէջ կը մնայ Քիւլունքի հետ:

Գերմանական պարբերականը նշած է, որ հեռախօսազրոյցի բովանդակութիւնը ապշեցուցած է Հեսսենի ոստիկանութիւնը, որոնք արձանագրած են, թէ ինչ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Անգարան Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին ու ընդունման դէմ Պերլինի մէջ կազմակերպուելիք ցոյցերուն եւ աւելին` անձամբ ինք` երկրի նախագահը, կը հետաքրքրուի մանրամասնութիւններով:

Der Spiegel-ը յայտնած է, որ ներկայիս հետաքննութիւն կ’իրականացուի` պարզելու Քիւլունքի կապը Թուրքիոյ գաղտնի ծառայութիւններու  հետ, երբ 2017 թուականին տեղեկութիւններ յայտնուած են, որ պատգամաւորը գումարներ  տրամադրած է թուրք-գերմանական  ազգայնական Osmanen Germania խմբաւորման: Համաձայն տեղեկատուութեան` գումարները  օգտագործուած են քրտական խումբերու դէմ զինամթերք գնելու համար:

Գերմանիոյ Պունտեսթակը 2016 թուականի Յունիսի 2-ին ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ունի «1915 եւ 1916 թուականներուն հայերու եւ  միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անուանումը: Բանաձեւը ընդունուեցաւ ունենալով ընդամէնը մէկ դէմ, մէկ ձեռնպահ ձայն: Ելոյթ  ունեցողները միաձայն կ’ընդգծէին անցեալի հետ առերեսման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման գործընթացին նպաստելու մղումները: Պունտեսթակի մէջ բարձրաձայնուած է Օսմանեան Թուրքիոյ ոճրագործութիւնը` նշելով, որ Գերմանիոյ քայլը ոչ թէ հայց է եւ մեղադրանք, այլ` խոնարհում զոհերու յիշատակի առջեւ:

Պերլինի մէջ բանաձեւի ընդունումէն յետոյ, շուրջ 1000 թուրքեր, բողոքի ցոյց  կազմակերպած էին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment