Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Դեսպան. Չենք Աջակցիր «Սասնայ Ծռերուն»

ԱՄՆ Դեսպան. Չենք Աջակցիր «Սասնայ Ծռերուն»

by MassisPost

Ընդդիմադիր «Հիմնադիր Խորհրդարանի» անդամ Ժիրայր Սեֆիլեանի դատավճիռի հրապարակումէն ետք հայկական լրատուական դաշտի վրայ սկսան լուրեր տարածուիլ, թէ Արեւմուտքը Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնելու նպատակով աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ընդդիմադիր խումբերուն, նոյնիսկ զինուած խմբաւորումներուն, ինչպիսիք են «Սասնայ Ծռերը»:

Aysor.am-ի  հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչարտ Միլսն այս առումով ըսած է.

«Տարածուող այս լուրերը իրականութենէն աւելի հեռու չէին ալ կրնար ըլլալ: Մենք չենք աջակցիր այնպիսի խումբերու, որոնք կը փորձեն անօրինական ճանապարհով տապալել ընտրուած իշխանութիւնները: Եւ յատկապէս այնպիսի խումբերը, ինչպիսին «Սասնայ Ծռերն» են, որոնք բռնութիւնը կը գերադասեն երկխօսութեան, մենք միանշանակ կը դատապարտենք: Մենք չենք հանդուրժեր «Սասնայ Ծռերու» եւ միւսներու գործողութիւնները, որոնք կը դիմեն բռնութեան կամ կը սպառնան վնաս պատճառել միւսներուն՝ իրենց քաղաքական օրակարգը իրականացնելու համար:

Անցած տարի «Սասնայ Ծռերու» անդամներու գործողութիւններու հետեւանքով մարդկային կորուստներ արձանագրուեցան, իսկ մերձակայ համայնքի բնակիչները յայտնուած էին սոսկալի իրավիճակի մէջ: Քաղաքական փոփոխութիւն կատարելու նպատակով բռնութիւնը որպէս գործիք կիրառելը կը հակասէ ոչ միայն ամերիկեան արժեհամակարգին, այլ նաեւ խաղաղ երկխօսութեան եւ մարդկային կեանքի նկատմամբ յարգանքի ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներուն:

Բռնութիւնը բոլոր կողմերէն կը վտանգէ ժողովրդավարական սկզբունքները եւ երբեք հանդուրժելի չէ: Ուստի՝ ոչ, մենք նման խումբերու կամ նման գործողութիւններու չենք աջակցիր: Ասոր հետ մէկտեղ, արդար դատաքննութեան իրաւունքը պէտք է իրացուի բոլոր մեղադրեալներու  համար»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment