Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները. Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան` «Հզօր Պէյրութ Առաջին» Ցանկին Վրայ

Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները. Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեան` «Հզօր Պէյրութ Առաջին» Ցանկին Վրայ

by MassisPost

Երկուշաբթի կէս գիշերին աւարտեցաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող ընտրացանկերու արձանագրութեան ժամկէտը: Արձանագրուեցան շուրջ 80 ցանկեր:

Ներքին գործոց նախարարութեան մէջ արձանագրուեցաւ «Հզօր Պէյրութ Առաջին» ընտրացանկը, որ դաշինք է Հնչակեան կուսակցութեան, Ազգային Ազատ Հոսանքին, Մուսթաքպալին եւ ՀՅԴ-ի միջեւ:

Ցանկը կազմուած է 8 թեկնածուներէ, ներառեալ` Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուն, Վարիչ Մարմինի ատենապետ, պետական երեսփոխան Ընկ. Սեպուհ Գալփաքեանը` հայ առաքելական աթոռին համար:

Ցանկին մաս կը կազմեն նաեւ Մասուտ Աշքար` մարոնի աթոռ, Նիքոլա Սահնաուի` կաթողիկէ աթոռ, Նիքոլա Շամմաս` յոյն ուղղափառ, Անթուան Փանօ` փոքրամասնութիւններ, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտըր Մաթոսեան` հայ առաքելական եւ Սերժ Չուխատարեան` հայ կաթողիկէ: Ընտրացանկը պայքար պիտի մղէ Պէյրութի առաջին ընտրատեղամասին մէջ, որ կը բաղկանայ Մըտաուար, Ռը մէյլ, Աշրաֆիէ եւ Սայֆի շրջաններէն:

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մայիս 6, 2018-ին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment