Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Դատախազները Դադրեցուցած են Քրէական Հետապնդումը Էրտողանի Թիկնապահներէն 11-ին Դէմ

ԱՄՆ Դատախազները Դադրեցուցած են Քրէական Հետապնդումը Էրտողանի Թիկնապահներէն 11-ին Դէմ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու դաշնային դատախազները դադրեցուցած են քրէական հետապնդումը Թուրքիոյ նախագահի 15 թիկնապահներէն 11-ի նկատմամբ, որոնց աւելի շուտ մեղադրանքներ կ’առաջադրէին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի տան մօտ ցուցարարներուն ծեծի ենթարկելու համար, կը հաղորդէ The Wall Street Journal-ը:

Ըստ պարբերականի, ամերիկացի դատախազները դեռ անցեալ նոյեմբերին միջնորդութիւն ներկայացուցած են թիկնապահներէն 4-ի դէմ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու վերաբերեալ, եւս 7-ի մեղադրանքներն ալ հանած են փետրուարին՝ այժմ նախկին պետքարտուղար Ռեքս Տիլերսոնի Անգարա կատարելիք այցի նախօրէին:

Աւելի շուտ Թուրքիոյ նախագահը խստիւ դատապարտած ու լուրջ խայտառակութիւն որակած էր իր թիկնազօրին մեղադրանք առաջադրելու՝ ամերիկեան դատարանի որոշումը:

Դիւանագիտական խայտառակութիւնը ծագած էր անցած տարուան մայիսին Ռեճեփ Էրտողանի՝ Ուաշինկթըն այցի ժամանակ, երբ անոր թիկնազօրի անդամները յարձակած էին այցի դէմ բողոքող ցուցարարներու՝ հայերու, քիւրտերու, յոյներու վրայ եւ դաժան ծեծի ենթարկած զանոնք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment