Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խորհրդարանը Մերժեց «1 Մարտ»-ի Վերաբերեալ «Ելք»-ի ԱԺ Յայտարարութեան Նախագիծը

Խորհրդարանը Մերժեց «1 Մարտ»-ի Վերաբերեալ «Ելք»-ի ԱԺ Յայտարարութեան Նախագիծը

by MassisPost

Ազգային ժողովը ձայներու 9 կողմ, 56 դէմ, 7 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ մերժեց 2008 թուականի 1-2 մարտի իրադարձութիւններու վերաբերեալ «Ելք» խմբակցութեան հեղինակած ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը։

«Ծառուկեան» խմբակցութիւնը յայտարարեց, որ չի մասնակցիր քուէարկութեան։

«Ծառուկեան» դաշինքը կիսում է 2008 թուականի Մարտի 1-ի զոհերի հարազատների վիշտը, բայց ելլելով ներկայացրած նախագիծի դրոյթների տառացի մեկնաբանութիւններից, մենք այստեղ Սահմանադրութեան 4-րդ յօդուածի խախտման վտանգ ենք տեսնում, հետեւաբար՝ «Ծառուկեան» խմբակցութիւնը չի մասնակցի քուէարկութեան»,- ըսած է խմբակցութենէն Գէորգ Պետրոսեանը։

Նախքան քուէարկութիւնը «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց՝ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին պէտք է կանչել հարցաքննութեան։ «Ի վերջոյ արձանագրուեց, որ նախաքննութեան մարմինի տակ եւ ընդհանրապէս որեւէ տեղ չկայ որեւէ ապացոյց, որ, ինչպէս 2008 թուականի մարտին յայտարարում է Ռոպերթ Քոչարեանը, ցուցարարներն ավտոմեքենայի (ինքնաշարժ) ետեւից դուրս են եկել, կրակել զինուորների վրայ եւ թաքնուել, այսպիսի ապացոյց չկայ եւ չի կարող լինել, հետեւաբար՝ Ռոպերթ Քոչարեանին պէտք է կանչել հարցաքննութեան, որպէսզի նա պարզաբանի, թէ ինչի վրայ է հիմնուել նման յայտարարութիւն անելիս»,- ըսած է Փաշինեանը։

Ընդդիմադիր պատգամաւորին արձագանգած է նախկին գլխաւոր դատախազ, հանրապետական պատգամաւոր Գէորգ Կոստանեանը՝ փորձելով, ինչպէս ինքը նշեց, վերջակէտ դնել «Քոչարեանին հարցաքննելու հետ կապուած երկխօսութիւններին»։

«Ուզում եմ փաստել երկու բան՝ նախագիծի բովանդակութեան հետ կապուած մեր ընդդիմադիր գործընկերները համակերպուեցին այն միտքի հետ, որ բովանդակութիւնը ընդհանրապէս կոչուած չի մեր մտահոգութիւնների փարատմանը, երկրորդը՝ այնուամենայնիւ վերջակէտ փորձեմ դնեմ Քոչարեանին հարցաքննելու հետ կապուած երկխօսութիւններին. բոլոր ձայնագրութիւնները, որի մասին խօսել է Ռոպերթ Քոչարեանը որպէս երկրի նախագահ, քրէական գործում կան, քրէական գործերին ծանօթանալու իրաւունք ոչ դուք ունէք, պարոն Փաշինեան, ոչ ես, ոչ էլ որեւէ մէկն այստեղից, դրանք քրէական գործի մասն են եւ քննութիւն դրանցով իրականացւում է»,- ըսած է Կոստանեանը։

Ընդդիմադիր դաշինքը արիւնալի իրադարձութիւններէն 10 տարի անց կ’առաջարկէր խորհրդարանին խստօրէն դատապարտել «2008 թուականի նախագահական ընտրութիւնների արդիւնքների կեղծման դէմ բողոքի խաղաղ ցոյցեր իրականացնող քաղաքացիների նկատմամբ ոստիկանութեան կողմից բիրտ եւ ապօրինի ուժի գործադրումը»:

«Ելք»-ը յայտարարութեան նախագիծով նաեւ կ’առաջարկէր իրաւապահ մարմիններէն պահանջել սեղմ ժամկէտներու մէջ բացայայտել եւ պատասխանատուութեան ենթարկել սպանութիւններու կազմակերպիչները, անմիջական կատարողները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment