Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՄԱԿ-ը Թուրքիոյ Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Չեղեալ Յայտարարել Արտակարգ Դրութիւնը

ՄԱԿ-ը Թուրքիոյ Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Չեղեալ Յայտարարել Արտակարգ Դրութիւնը

by MassisPost

«Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն զանգուածաբար ոտնահարել մարդու իրաւունքները երկրի տարածքի մէջ` տասնեակ հազարաւոր մարդոց զրկելով ազատութենէն, ինչպէս նաեւ իրենց մասնագիտութեամբ աշխատելու հնարաւորութենէն»,- պնդած են ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի ներկայացուցիչները:

ՄԱԿ-ի կազմին մէջ գործող այս կառոյցը առանձին զեկոյցով անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան` այն «ապշեցուցիչ վատ» բնութագրելով: Զեկոյցի հեղինակները կը պնդեն, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէն դեռ 2016-ի ամրան՝ ռազմական յեղաշրջման անյաջող փորձէն յետոյ յայտարարուած արտակարգ դրութեան ռեժիմը քաղաքական ընդդիմախօսներու դէմ հաշուեյարդարի պարարտ հող կը ստեղծէ:

«Արտակարգ դրութեան 18 ամիսներու ընթացքին մօտ 160 հազար մարդ ձերբակալուած է, 152 հազար քաղաքացիական ծառայողներ հեռացուած են աշխատանքէն, անոնցմէ շատերը՝ կամայական որոշումներու հիման վրայ: Բազմաթիւ ուսուցիչներ, դատաւորներ եւ փաստաբաններ կամ զրկուած են աշխատելու հնարաւորութենէն, կամ ալ ենթարկուած են քրէական հետապնդման: Ձերբակալուած են նաեւ բազմաթիւ լրագրողներ, լրատուամիջոցներ կան, որոնց գործունէութիւնը կամայականօրէն դադրեցուցած են, արգելափակուած են նաեւ որոշ կայքեր: Յստակ է, որ արտակարգ դրութեան ռեժիմի անընդհատ երկարաձգուող գործողութիւնը կ’օգտագործուի բազմաթիւ մարդոց իրաւունքներու կամայական եւ խիստ սահմանափակման համար»,- Ժնեւի մէջ, ներկայացնելով ՄԱԿ-ի զեկոյցը, յայտարարած էր Մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատարի գրասենեակի մամուլի խօսնակ Ռավինա Շամտասանին:

ՄԱԿ-ի փորձագէտները նաեւ կը պնդեն, որ թուրքական իշխանութիւնները ձերբակալուածներու զգալի մասի նկատմամբ կտտանքներ կը կիրառեն, այդ թիւին՝ դաժան ծեծ, սեռական բռնութիւններ եւ ելեկտրահարում: ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի գրասենեակը կոչ կ’ընէ պաշտօնական Անգարային անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու երկրի մէջ ստեղծուած աղէտալի վիճակը շտկելու համար:

Զեկոյցի հրապարակումէն քանի մը ժամ անց Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը հանդէս եկաւ կոշտ յայտարարութեամբ` պնդելով, որ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու հարցերով գերագոյն յանձնակատար Զէիտ Պըն Ռապպաթը «Թուրքիոյ վերաբերող հարցերու մէջ կորսնցուցած է իր անկողմնակալութիւնը` առաջնորդուելով նախապաշարումներով»:

«Զեկոյցը իմաստազուրկ է, քանի որ ամբողջութեամբ կ’անտեսէ ահաբեկչական բնոյթի այն բազմաթիւ լուրջ սպառնալիքները, որոնց կը բախուին այսօր Թուրքիան: Զեկոյցի հեղինակները նաեւ կ’անտեսեն մարդու իրաւունքներու ոլորտի վրայ 15 յուլիսի յեղաշրջման ունեցած ազդեցութիւնը՝ յեղաշրջում, որ կը վտանգէր մեր երկրի գոյատեւումը ինքնին»,- նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment