Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Պատրաստ է Անվտանգութեան Բնագաւառէն Ներս Ընդլայնել Լիբանանի Հետ Համագործակցութիւնը

Հայաստանը Պատրաստ է Անվտանգութեան Բնագաւառէն Ներս Ընդլայնել Լիբանանի Հետ Համագործակցութիւնը

by MassisPost

«Հայաստանի համար Լիբանանի կարեւորութիւնը պայմանաւորուած չէ միայն այս երկրի տարածաշրջանային նշանակութեամբ: Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը Մերձաւոր Արեւելքի եւ լիբանանեան խճանկարի ինքնատիպ մաս է կազմել»: Այս մասին յայտարարած է Արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը՝ ելոյթ ունենալով Լիբանանի անվտանգութեան ուժերուն աջակցութեան վերաբերեալ նախարարական համաժողովին:

ԱՆ նշած է. «Այսօր նրանք ներկայացուած են ե՛ւ կառավարութիւնում, ե՛ւ խորհրդարանում: Հայերը կիսել են բոլոր այն դժուարութիւնները, որոնց բախուել է Լիբանանի ժողովուրդը, եւ պատրաստակամ են այսույետ եւս իրենց ներդրումը բերել պետութեան ապահով ու անվտանգ ապագային: Այս նպատակին հասնելու ճանապարհին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կանգնած է Լիբանանի ժողովուրդի կողքին: Հայաստանը բազմիցս իր աջակցութիւնն է յայտնել Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին: Այն եւս մէկ անգամ վերահաստատուել է փետրուարին Լիբանանի նախագահի՝ Երեւան կատարած պաշտօնական այցի, ինչպէս նաեւ օրեր առաջ ՀՀ վարչապետի՝ Լիբանան կատարած պաշտօնական այցի ընթացքում»,- ըսած է նախարարը:

Նալպանտեանը յիշեցուցած է, որ նոյեմբեր 2014-ին, 32 խաղաղապահներէ բաղկացած հայկական դասակը՝ իտալական հրամանատարութեան ներքոյ ծառայութիւն կ’իրականացնէ Լիբանանի մէջ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան ժամանակաւոր ուժերու (ԵՈՒՆԻՖԻԼ) կազմի մէջ:

ՀՀ ԱԳ նախարարն ընդգծած է, որ Հայաստանը պատրաստ է ընդլայնել Լիբանանի հետ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներու մէջ համագործակցութիւնը՝ հիմնուած արդէն իսկ սեղանի վրայ գտնուող յստակ առաջարկներու, ինչպէս նաեւ նոր գաղափարներու հիման վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment