«Sustainable Development Solutions Network» կազմակերպութիւնը ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ հրապարակած է Երջանկութեան համաշխարհային զեկոյցը, որուն մէջ ընդգրկուած է 156 երկիր:
Ըստ այդ վարկանիշի՝ Հայաստանը երջանիկ երկիրներու ցանկին մէջ գրաւած է 129-րդ տեղը: Տարածաշրջանի երկիրներէն Վրաստանը 128-րդն է, Ատրպէյճանը՝ 87-րդը, Թուրքիան՝ 74-րդը: Երջանիկ երկիրներու ցանկը կը գլխաւորէ Ֆինլանտիան, որուն կը յաջորդեն ՆորվեկիանԴանիան , Իսլանտան , Զուիցերիան, Հոլանտան, Գանատան, Նոր Զելանտիան, Շուէտը եւ Աւստրալիան: